Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Ընտրութիւններուն Առանձին Պիտի Մասնակցինք` Մեր Ցանկով»

December 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_113016

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական համակարգի մեծագոյն հարցերէն մէկը այն է, որ կուսակցութիւններուն գրեթէ 99 առ հարիւրը մէկ անձի շուրջ ստեղծուած եւ մէկ անձի կարծիքով կ՛արտայայտուին:

«Այդպիսին է Հանրապետականը (ՀՀԿ) եւ այդպիսին եղած է միշտ, բայց ամբողջ խնդիրը այն է, որ այդպիսին են նաեւ նոր ստեղծուող, աւելի ժամանակակից, երիտասարդ կուսակցութիւնները, որոնք վերջին շրջանին անընդհատ կ՛աճին, կը բազմանան: Եթէ ուշադրութեամբ դիտենք, դարձեալ այս նոր կուսակցութիւնները կը ձեւաւորուին մէկ անհատի շուրջ», ըսած է Վարդանեան:

Լրագրողը հարցուցած է, որ արդեօք հաւանակա՞ն է, որ Դաշնակցութիւնը որեւէ ոչ իշխանական դաշինքի, խմբաւորման հետ համագործակցի 2017 թուականի ընտրութիւններէն առաջ. ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը պատասխանած է. «Մենք անկախ քաղաքական ուժ ենք, ինքնուրոյն քաղաքական ուժ ենք եւ բոլոր ընտրութիւններուն մասնակցած ենք առանձին` իբրեւ Դաշնակցութիւն: 99,9 առ հարիւրով, ասիկա կ՛ըսեմ, որովհետեւ` «երբեք մի՛ ըսեր երբեք», մենք պիտի մասնակցինք առանձին եւ մեր ցանկով, մեր թեկնածուներով: Քիչ ժամանակ մնացած է, ես կը կարծեմ, որ այստեղ անակնկալներ պիտի չըլլան»:

Դաշնակցութեան համար, ըստ Վարդանեանի, իշխանութեան մէջ ըլլալը, համախոհական կառավարութեան մէջ ըլլալը, ընդդիմութեան մէջ ըլլալը «տոկմա» չէ: «Եթէ մեր սկզբունքներուն կը հակասէ, եթէ մեր առաջադրած խնդիրները այդ ճամբով պիտի չլուծուին, մենք կրնանք ըլլալ ե՛ւ իշխանութեան, ե՛ւ ընդդիմութեան մէջ, մեզի համար տարբերութիւն չկայ, կարեւորը այն է, որ մեր այն պատկերացումը` երկրի յառաջընթացի, զարգացման առումով, որ մենք ունինք, ատիկա իրականութիւն դարձնելու կարելիութիւն ըլլայ, ատիկա ընդդիմադիր դաշտին մէջ կ՛ըլլայ… կը հաշուենք, կը չափենք, կը կշռենք, կ՛որոշենք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախնական պայմանաւորուածութիւն չկա՞յ Հանրապետականին հետ` հետագայ աշխատանքներուն առնչուած, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը ըսած է. «Մենք ընտրական պայքար պիտի մղենք, ընտրութիւններու  արդիւնքներով պայմանաւորուած է: Շատ հետաքրքրական է` ընտրութիւնները յատկութիւն ունին` կ՛աւարտին եւ թուղթի վրայ կը գրուի, թէ ո՛ր քաղաքական ուժը քանի՛ աթոռ ունեցած է, քանի՛ ձայն ստացած է խորհրդարանին մէջ: Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որ յաջորդ խորհրդարանին մէջ շատ աւելի լուրջ ներկայութիւն ունենանք, սկսած ենք արդէն նախապատրաստուելու, ձեւաւորած ենք ընտրական կեդրոնական գրասենեակ` իր կառուցուածքով, իբրեւ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ես պիտի ղեկավարեմ յառաջիկայ ընտրութիւնները»:

 

 

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Թալիշ Այցելեց

Յաջորդը

Հայաստանն Ու Ռուսիան Ստորագրեցին Երկու Երկիրներու Միացեալ Զօրախումբի Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.