
Համայնքներու մեծացման ծրագիրի ծիրին մէջ արդէն միաւորուած են 140 բնակավայրեր, յայտարարած է Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան` վարչապետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին:
Դ. Լոքեան նշած է, որ կը շարունակուի նաեւ մարզերու զարգացման ռազմավարութիւններու եւ համայնքներու հնգամեայ ծրագիրներու մշակման հոլովոյթը, քայլերու կը ձեռնարկուին համայնքային ծառայութիւններուն մէկ մասը մասնաւոր հատուածին փոխանցելու ուղղութեամբ, ներառեալ աղբահանութիւնն ու լուսաւորութիւնը:
Միջազգային գործակալութիւններուն կողմէ սկսած են ընդարձակուած համայնքներուն օժանդակութեան ծրագիրները, եւ յառաջիկային 52 մեքենայ-համակարգ պիտի յատկացուի շրջաններուն:
Դաւիթ Լոքեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Հայաստանի վարչապետին մարզեր տուած այցելութիւններուն շնորհիւ արդէն 4 մարզերէն ստացուած են 24 ներդրումային ծրագիրներ: Մինչեւ տարեվերջ աւարտին պիտի հասցուին գիւղամթերքներու վերամշակման 6 ներդրումային ծրագիրներ:


