
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը հանդիսացաւ Հիուսթըն Ռոքեթց, որ 130-114 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտին վրայ:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 38 կէտ:
Հարտենէն մէկ կէտ աւելի նշանակեց Քիրի Ըրվինկ, երբ անոր կազմը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ 112-108 արդիւնքով յաղթեց Սիքսըրզի` Ֆիլատելֆիայի մէջ:
Թէեւ Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 36 կէտ, բայց անոր կազմը` Նիւ Օրլինզ, 91-81 արդիւնքով պարտուեցաւ Տալասի մէջ` Մավըրիքսէն:
Սաքրամենթօ Քինկզ 122-105 արդիւնքով յաղթեց Պրուքլին Նեթցի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 37 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 112-108 |
| Տենվըր Նակեթց – ՖԷոնիքս Սանզ | 120-114 |
| Սաքրամենթօ Քինկզ – Պրուքլին Նեթց | 122-105 |
| Միլուոքի Պաքս – Օրլանտօ Մեճիք | 104-96 |
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 91-70 |
| Տալաս Մավըրիքս – Նիւ Օրլինզ | 91-81 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 130-114 |
| Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Աթլանթա Հոքս | 109-94 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Օքլահոմա Սիթի
Մայեմի Հիթ – Պոսթըն Սելթիքս
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Մինեսոթա Վուլվզ – Եութա Ճեզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Աթլանթա Հոքս


