Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան – Լիբանան Երաժշտական Բարձր Մակարդակի Համագործակցութիւն. Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբը Ներկայացուց Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա»-ն

November 25, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

carmina1_112416

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով տեղի ունեցող համերգներու ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային ակադեմական երգչախումբը ներկայացուց Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա»-ն` Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ընկերակցութեամբ եւ խմբավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի, Էշրեֆիէի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ:

carmina3_112416

Սեն Ժոզեֆ եկեղեցին լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ, շատեր ոտքի վրայ կանգնած մնացին` անշարժ ու անշշուկ, մինչեւ ելոյթի աւարտը, ըմբոշխնելով այս հանրածանօթ եւ մեծ համբաւ վայելած երաժշտական երկը, իր տարբեր մասերով: Գործի ներկայացման առանցքը կը կազմէր Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի բարձր մասնագիտական կատարումը, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի ճիպոտին ներքեւ:

carmina4_112416

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սալբի Սիմիթեան, որ հակիրճ ձեւով անգլերէնով ներկայացուց, թէ սոյն ձեռնարկները կը կատարուին Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին եւ նորակերտ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման առիթով, եւ այս զոյգ առիթները արուեստի եւ յատկապէս երաժշտութեան ուղիով արժեւորելը ստեղծեց Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը հրաւիրելու գաղափարը:

Նախքան համերգին սկսիլը, մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեան անգլերէնով շնորհակալական իր խօսքը փոխանցեց բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան այս համերգի կազմակերպման եւ յաջողութեան մէջ, յատկապէս Ազգային առաջնորդարանին, գլխաւորաբար Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին:

carmina2_112416

Մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեան «Քարմինա Պուրանա» երկին մասին գրաւոր արտայայտութեան մը մէջ ըսած է, թէ այս երկին քաշողականութիւնը եւ ժողովուրդներու կողմէ վայելած համբաւին պատճառը հետեւեալներն են. նախ, որովհետեւ անոր գեղեցկութիւնը պարզութեան մէջ է: Հատուածին տարբեր բաժինները կազմուած են նոյն երաժշտութենէն: Ան իր կազմուածքով աւելի մօտ է ճեզի, ռոքի, քան սովորական դասական երաժշտութեան: Ասիկա կ՛արտօնէ, որ լսելը աւելի դիւրին եւ հաճելի ըլլայ եւ հետեւաբար աւելի հրապուրիչ: Երաժշտութեան ներդաշնակութիւնը` հարմոնին նոյնպէս գրուած է պարզ ձեւով: Երգչախումբի կատարման մեծ բաժինը ներկայացուած է միաձայն` իւնիսոն, իսկ երբ հարմոնիի բաժանումը տեղի կ՛ունենայ, ապա ան շատ պարզ ձեւով կը կատարուի, ուր շեշտը կը դրուի ու կը կեդրոնանայ հիմնական երաժշտական գիծին` մելոտիին վրայ, որ իր կարգին ճիշդ ձեւով կը կաղապարուի միջնադարեան բնագիրին: Երկրորդ պատճառը վարպետօրէն եւ գոյներով լեցուն դաշնաւորումն ու հարուածային բաժինի բազմազանութիւնն ու առատութիւնը, որ ամբողջ երկին կու տայ խանդավառութիւն, թափ եւ հարուածային կշռոյթ:

carmina5_112416

«Քարմինա Պուրանա» երկի երեք գլխաւոր մենակատարներն էին` Արծուիկ Դիմուրճեան (Սոփրանօ), Պերճ Քարազեան (Թենոր) եւ Գուրգէն Բաւէեան (Պարիթոն):

«Քարմինա Պուրանա» ելոյթի կրկնութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ,  25 նոյեմբեր 2016-ին, նոյն վայրին մէջ:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Աննախընթաց Խանդավառութեան Մթնոլորտի Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային, Կուսակցական, Կրթական, Մշակութային Եւ Բարեսիրական Հաստատութիւնները

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.