Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԾԻՆ ՈՒ ՍՏԱՊԱՏԻՐ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ

October 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ Սին Էլ Ֆիլի մէջ լիբանանեան հարցերու «Իսամ Ֆարես» կեդրոնին կազմակերպութեամբ եւ «Թուրքիոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու զերօ խնդիրներ քաղաքականութիւնը» խորագիրով երէկ տեղի ունեցած իր դասախօսութեան ընթացքին այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութեանց` նշելով, որ անցեալ դարու սկիզբը Արեւելեան Անատոլուի մէջ պատահած «դէպքերը» Թուրքիոյ մէջ «ներքին քննարկումի նիւթ են»` աւելցնելով, որ ի տարբերութիւն Լիբանանի եւ շարք մը այլ երկիրներու, ուր «հայկական տեսակէտին հակասող գիրքեր ծախելը արգիլուած է», Թուրքիոյ մէջ տարբեր տեսակէտներ ներկայացնող գիրքեր կարելի է գտնել:

Թուրքիոյ դեսպանը դարասկիզբին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ պատահածը կը ներկայացնէ իբրեւ «դէպքեր», այդպիսով փորձելով ճշմարտութիւնը հարցականի տակ առնել եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը քննարկելի նիւթի մը վերածել:

Միւս կողմէ, Հայոց ցեղասպանութիւնը «հայկական տեսակէտ մը չէ», այլ` պատմական փաստ մը, որուն ժխտումը անձնական կամ պատմագիտական տեսակէտ մը չէ, այլ` թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուող պետական քաղաքականութիւն, որուն խօսափողը ըլլալու կոչուած պետական պաշտօնեայ մըն է դեսպան Էօզեըլտըզ:

Աւելի՛ն. Թուրքիոյ դեսպանը բացայայտ կերպով կը ստէ, երբ կը նշէ, թէ Լիբանանի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ «հայկական տեսակէտէն» այլ «տեսակէտ» արտայայտող գիրքեր ծախելը արգիլուած է: Իրականութեան մէջ, Լիբանանի գրախանութներուն մէջ կարելի է գտնել գիրքեր, որոնք Թուրքիոյ պետական ժխտումի քաղաքականութեան մէկ արտայայտութիւնն են: Արդարեւ, լիբանանեան մամուլին մէջ եւս յաճախ կը հանդիպինք յօդուածներու կամ տեղեկատուութիւններու, որոնց մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրը փոխարինուած է «ջարդեր» մեղմասացութեամբ:

Դեսպանը Թուրքիան կը ներկայացնէ իբրեւ խօսքի ազատութեան օրրան մը, սակայն թրքական քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին լոյսին տակ, անոր այդ փորձը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերէն որոշ տեղեկութիւն ունեցողին համար զաւեշտական է: Կը բաւէ յիշել Հրանդ Տինքի ճակատագիրը եւ գրականութեան նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքի ու թուրք ուրիշ այլախոհ գրողներու դէմ յարուցուած դատական հարցերն ու մահուան սպառնալիքները, եւ ի յայտ կու գայ, թէ Թուրքիոյ դեսպանին թեզը որքա՛ն հեռու է ճշմարտութենէն:

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ԱՅՐ ՄԱՐԴՈՒ ԵՒ ԿՆՈՋ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԻ ԵՒ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.