Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Պալատը Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Բոլոր Որմազդներն Ու Պաստառները Վերցնելու

November 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

baabda-palace_khemp

Նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր քաղաքացիներուն, քաղաքապետարաններուն, միութիւններուն, մարմիններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք իր նախագահ ընտրուելուն առիթով ուրախութիւն ցուցաբերած էին եւ սահմանադրական իրաւասութիւնները ստանձնելուն առիթով իր լուսանկարները կրող որմազդներ զետեղած էին, ինչպէս նաեւ պաստառներ բարձրացուցած լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ այդ որմազդներն ու պաստառները վերցնելու եւ աշխատելու հանրապետութեան նախագահին հետ` յօգուտ Լիբանանի բարօրութեան եւ կայունութեան:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրին, որ նախագահ Աունին յանձնեց 26-27 նոյեմբերին «Պիել»-ի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր ժողովին ներկայ գտնուելու հրաւէր մը:

Հարիրի յայտնեց, որ այս ժողովին ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի յայտարարէ Մուսթաքպալ հոսանքին ապագայ ծրագիրները:

Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորագիրներ ստացաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն, Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուքէն, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորէն, Թունուզի նախագահ Պեժի Սեպսիէն, Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսէն եւ Նազեք Հարիրիէն:

 

Նախորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Հիմնական Համաձայնութիւնները Գոյացած Են, Եւ Անոր Յայտարարութիւնը Ուշացնելու Պատճառ Չկայ» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնը

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.