Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոազ Արք»-ի 20-Ամեակին Նուիրուած Եւ «Քսան Տարի Եւ Աւելի Քան» Խորագրեալ Իւրայատուկ Ցուցահանդէսի Բացում

November 22, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

nohas-1_112116

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին եւ «Նոազ արք» ցուցասրահի հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, «Նոազ արք» ցուցասրահին կազմակերպած յատկանշական եւ արուեստի ընտրանիով յագեցած ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 21 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Կեդրոնական Պէյրութի (Սոլիտեր) ոսկերիչներու շուկային մէջ:

«Քսան տարի եւ աւելի քան» խորագրեալ ցուցահանդէսին ծիրին մէջ հայ թէ օտար արուեստասէր հանրութեան հրամցուած են քսան հանրածանօթ գեղանկարիչներու եւ հինգ քանդակագործներու  բացառիկ ստեղծագործութիւնները: Նշանաւոր տարբեր անուններ, արուեստի տարբեր ոճեր եւ արտայայտութիւններ համախմբուած են մէկ յարկի տակ. իրենց արուեստով եւ գործերու գեղեցկութեամբ ու խորհրդաւորութեամբ ցուցասրահին մէջ տիրական ներկայութիւն են Գառզուն, Ժան Դարբինեանը, Կիւվտէրը, Փոլ Կիրակոսեանը, Տիգրան Տատրեանը, Ժիւլիանա Սէրաֆիմը, Էդիկ Բերդեանը, Պերճ Չաքէճեանը, Ռոպերթ Էլիբէկեանը, Ասատուրը, Հրայրը, Ռուբէն Աբովեանը, Մարուն Հաքիմը, Եուրոզը, Սուրէն Ոսկանեանը, Սամուէլ Գարեգինեանը, Վահրամը, Գէորգ Եղիազարեանը, Վահան Ռումէլեանը եւ Դաւիթ Դաւթեանը:

nohas-2_112116

Բացման խօսքը արտասանեց «Նոազ արք» ցուցասրահի տէր ու տնօրէն, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ անդրադարձաւ ցուցահանդէսի շարժառիթին եւ տեղեկութիւններ տուաւ անոր մասին: Ան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար կանգնեցան այս ցուցահանդէսի յաջողութեան:

nohas-3_112116

Ապա ճարտարապետ Փոլ Սարգիսեան արաբերէնով ներկաներուն ուղղեց «Նոազ արք»-ի տնօրէնութեան խօսքը:  Ողջունելէ ետք ներկաները` Սարգիսեան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը անցած է պատմական դժուար ուղիէ, եւ Ցեղասպանութենէն ետք Լիբանան հաստատուած են մեծ թիւով հայեր, որոնք ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ կրցած են վերականգնիլ, վերաշինել, վերազարթնուլ եւ լիբանանցիներուն հետ միասնաբար օժանդակել Լիբանանի անկախութեան կերտման. ան շեշտեց, որ «Նոազ արք»-ի այս ցուցահանդէսը այդ համերաշխութեան իսկական փաստն է:

Փոլ Սարգիսեան ըսաւ, որ «Նոազ արք» ցուցասրահը միշտ պիտի ըլլայ այն կառոյցը, որ կամուրջ մը կը ստեղծէ արուեստին եւ հանրութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ աշխարհին միջեւ:

nohas-4_112116

Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց  Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ նախ շնորհաւորեց դոկտ. Մովսէս Հերկելեանը նման ցուցասրահի մը հիմնադրութեան եւ պահպանման համար ի գործ դրած ճիգին համար` դիտել տալով, որ այս օրերուն խիստ գնահատելի է «Նոազ արք»-ի նման ցուցասրահի մը քսան տարուան նուիրումը  հայկական ժամանակակից կերպարուեստին: Դեսպան Մկրտչեան անդրադարձաւ ցուցահանդէսին` Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակին նուիրուած ըլլալուն հանգամանքին` յայտնելով, որ անիկա լաւ առիթ մըն է տեսնելու, թէ հայկական արուեստը որքանո՛վ զարգացած է այս 25 տարուան ընթացքին: Ան աւելցուց, որ այս սրահին մէջ իւրաքանչիւր գործ ունի յատուկ իմաստ, պէտք է ժամանակ տրամադրել ու լաւ դիտել` հասկնալու համար այդ գործերուն մէջ ներկայացուող խոր ու թաքուն իմաստները: Դեսպանը իր սրտի խօսքը հակիրճօրէն ներկայացուց նաեւ անգլերէնով:

Բացման հանդիսութեան աւարտին Մ. Հերկելեան ներկաներուն հրաւիրեց դիտելու ներկայացուած գործերը:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց է ամէն օր, մինչեւ 7 դեկտեմբեր 2016 (ներառեալ կիրակի), կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահը Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Հրապարակին Վրայ Տօնածառի Եւ Նոր Տարուան Զարդարանքներու Լուսաւորում

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.