Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ, Ո՞վ Արցունքի Փոխարէն Արի՛ւն Չլացաւ…

November 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

sona-titizian-gedigian_000

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ-ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Համատարած խաւար է կրկին, կրկին մահուան ու սուգի ուրուականները կը հալածեն մեզ, ո՞ւր կ՛երթանք, օտար ճամբաներու վրայ ի՞նչ կը փնտռենք, կը փախչի՞նք, թէ՞ կը կառչինք մեր անդարձ անցեալին, ինչի՞ն կը կառչինք այս մահասփիւռ քաղաքին մէջ, ո՞ւր կը վազեն մեր քայլերը` կորսուած, ո՞ւր կը սլանայ մեր տեղքայլը` շուարած, ո՞ր ցեխոտ կամ արիւնոտ ճահիճին մէջ կ՛ընկղմինք, ինչո՞ւ կ՛երթանք, ինչե՜ր կը կորսնցնենք մեր էութենէն, ինչե՜ր կը լքենք հարազատներու աղերսարկու աչքերուն մէջ, ի՞նչ կը տանինք մեր յոգնաբեկ հոգիներուն մէջ, իսկ ինչո՞ւ, ինչո՞ւ կը յամառինք մնալ, ի՞նչ կը սպասենք, ի վերջոյ ի՞նչ կ՛ընենք այս քաոսին մէջ…

Ո՞վ է ճիշդը, ո՞վ է սխալը, ո՞վ գիտէ, ո՞վ կրնայ վճռել, ո՞վ է այպանողը, ե՞ս, թէ՞ դուն, զո՞վ կ՛այպանենք, զիրա՞ր, հեռացո՞ղը, որ գաղթականի ցուպը ձեռին կը մաքառի օրն ի բուն` կապոյտ երկնքի երազանքով, թէ՞ մնացողը, որ արեան տուրք կը վճարէ ամէ՛ն վայրկեան, զոհուո՞ղը, որուն ըմբոստ աչքերուն խորը թոյն կը հոսի մարդկութեան դէմ, թէ՞ օտար ափերուն նոր ճամբայ հարթողը` անոգի եւ անշունչ…

Ո՞վ չտառապեցաւ այս անիծեալ պատերազմին արհաւիրքին մէջ, ո՞վ չընդդիմացաւ այս անարդարութեանց դէմ, ո՞վ չտարակուսեցաւ` պայուսակը ուսը չնետած, ո՞վ չտկարացաւ հեռացողներուն թափօրն ի տես, ո՞վ չսարսափեցաւ մահուան մագիլներուն մէջ, ո՞վ երկու քայլ առաջ ու քայլ մը ետ չգնաց, ո՞վ չերկմտեցաւ անորոշ ուղիներուն խաչմերուկներուն վրայ, ո՞վ խղճի խայթ չզգաց ընկերներուն կարօտագին հայեացքներէն հիւանդ, ո՞վ, ո՛վ արցունքի փոխարէն արի՛ւն չլացաւ…

Որո՞ւ հոգին խաղաղեցաւ, որո՞ւ խռովքը չքացաւ…

Բոլո՛րս անխտիր եւ անբացառ, բոլո՛րս ենք անմխիթար, բոլո՛րս ենք փրկարար, բայց եւ` անզօր… բոլո՛րս ենք անմեղ, բայց եւ` մեղաւոր, բոլո՛րս ենք զոհ, բայց եւ` դահիճ:

Բայց բոլո՛րս, բոլո՛րս ենք արնաքամ…

Տխուր է մեր երջանկութիւնը, լեղի դարձաւ մեր պատառը, բեկուա՛ծ են այսօր մեր սրտերը, անմխիթար են այլեւս մեր հոգիները, ոտնակոխ եղան մեր վարդ կեանքերը, անարիւն դարձան մեր ժպիտները, անգոյն մնացին մեր աչքերը, հալածուեցան մեր երազները, խլուեցան մեր երազանքները, ջլատուեցան մեր մարմինները, ու արի՛ւն, արի՛ւն լացին մեր աչքերը…

Բոլո՛րս, բոլո՛րս նոյն ցաւը կ՛որոճանք…

Բայց դեռ բոլո՜րս, բոլո՛րս կը սպասենք, անյոյս աչքերով մեր զաւակներուն, անքուն ու սառած հայեացքներով մեր ծերունիներուն, անմեղ հոգիներու աղաղակով մեր նահատակներուն, սեւազգեստ ու սգաւոր հառաչանքով մեր մայրերուն, երիտասարդ կեանքերու բոց աչքերով, անհետացած երազներու տենչանքով, անձայն ու խեղդուած պոռթկումով, մահաբոյր ու հեգնոտ մեր կարօտանքով, բայց նո՛ր կեանքի, նո՛ր արեւածագի խոստումով բոլո՛րս, բոլո՛րս կը սպասենք լուսապայծառ առաւօտը մեր հալէպեան…

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Քննեց Սուրիահայութեան Օգնութեան Հարցը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եգիպտոսի Խորհրդարանի Քայլերը Ներկայացուած Են Ֆրանս-Եւրոպական Պատուիրակութեան Մը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.