
Ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովայի եւ գերմանական «Փորշ» ինքնաշարժի ընկերութեան միջեւ համագործակցութիւնը վերսկսաւ, կը յայտնեն գերմանական կարգ մը լրատուամիջոցներ:
1 յունուար 2016-ին արգիլուած դեղերու գործածութեան համար 2 տարիով կախակայուած Շարափովայի անձնական հովանաւորներէն շատերը հրաժարած էին իրենց համագործակցութենէն:
Նկատի ունենալով, որ Լոզանի Մարզական վճռաբեկ դատարանը որոշեց այդ կախակայումը կրճատել 15 ամսուան, «Փորշ» որոշեց դարձեալ համագործակցիլ Շարափովայի հետ:
Ասոր զուգահեռ, Շարափովա մասնակցեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած «Փորշ»-ի նոր կեդրոնին բացման:


