Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաթողիկոսարանի Գրատունը Իր 40-Ամեակին Առիթով Կը Ներկայանայ Արդիական Նոր Կայքով Www.Ciliciabookstore.Com

November 16, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

bookstore_111516

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ յատուկ տեղ եւ դեր ունի հայ գիրքը: 1932-էն ի վեր գործող կաթողիկոսարանի տպարանէն ցարդ լոյս տեսած է աւելի քան 2000 գիրք` հայերէն եւ օտար տարբեր լեզուներով:

bookstore1_111516

Հայ գիրքի տարածման նպաստող Կաթողիկոսարանի գրատունը, որ այս տարի կը բոլորէ իր 40-րդ տարին, հարուստ է կրօնական, հայագիտական, գրական, պատմական, երաժշտական, արուեստի եւ մանկապատանեկան գիրքերու ճոխ հաւաքածոյով: Գրատան մէջ կարելի է նաեւ գտնել յուշանուէրներու եւ խտասալիկներու տեսականի:

Յայտնենք, որ կաթողիկոսարանի գրատունը, իր 40-ամեակին առիթով, մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ արդիական նոր կայքով մը` www.ciliciabookstore.com:

Նոր կայքը, նախորդին բաղդատած, աւելի ամբողջական, գունազարդ, ճշգրիտ ու ապահով է: Ապսպրանքներու իմաստով` ինչպէս «Ամազոն»-ն ու «Ի-պէյ»-ն է, կարելի է քրետիթ քարտի եւ հասցէի ներմուծումով ուղղակի պատուիրել գրատունէն, առանց միջնորդի կամ ե-նամակի: Նախկին ձեւին մէջ գիրքին կշիռքը չկար, հիմա, երբ ապսպրանքը դրուի, համակարգչային ծրագիրը ինք կը հաշուէ գիրքերուն կշիռքն ու փոխադրութեան գինն ալ, ու ըստ այնմ կ՛աւելցնէ առաքման ծախսերը: Պարզապէս, գնողը պարտի որոշել փոխադրութեան միջոցը («Լիպանփոսթ», «Տի. Էյչ. Էլ» կամ «Ֆետեքս»), համաձայն գինին կամ իր նախընտրութեան:

Կայքը ունի զանազան բաժիններ, համաձայն գիրքերու լեզուին կամ նիւթին, բան մը, որ կը դիւրացնէ ընտրութիւնը: Աւելի՛ն, կարելի է հեղինակի կամ գիրքի անունով փնտռել, ինչ որ կ՛արագացնէ փնտռտուքի գործողութիւնը:

Կայքը կը ներառէ շուրջ 1000 գիրք, 60 յուշանուէր, 40 տեսակի տեսահոլովակ: Իւրաքանչիւր գիրքի նկարին վրայ սեղմելով կարելի է իմանալ հեղինակին անունը, տպագրութեան թուականն ու վայրը, ամփոփ բացատրական մը գիրքին մասին, հրատարակչական ֆոնտին անունը, կշիռքը եւ գինը` թղթակազմն ու լաթակազմը անջատաբար ներկայացուած են:

Վերջապէս, կայքը աւելի արդիական է ու համահունչ միջազգային կայքերու չափանիշներուն, իսկ ապսպրանքը` ապահով ու վստահելի, որովհետեւ «Աուտէ» դրամատան ճամբով ու ապահովութեան միջազգային բոլոր չափանիշները կը լրացնէ:

Արտասահման եւ ի մասնաւորի Ամերիկա, Քանատա եւ Եւրոպա ապրող մեր հայրենակիցներուն դիւրութիւն կ՛ընձեռուի գիտնալ ու ապսպրել կաթողիկոսարանի հրատարակութիւններէն, առանց միջնորդի ու յաւելեալ ճիգի` տունը նստած:

Նախորդը

Յաջորդը

Ընթացք Առին Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատան Բարեզարդման Աշխատանքները

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.