Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ – Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

November 15, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

trump-putin_111416

Քրեմլին երէկ գիշեր հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը:

Ըստ Քրեմլինի, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փութին Թրամփին յաջողութիւն մաղթած է ընտրական խոստումներու գործադրութեան համար:

Ռուսիոյ նախագահը աւելցուցած է, որ ինք պատրաստ է ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ «հաւասարութեան սկզբունքին վրայ հիմնուած» երկխօսութեան:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յորդորած է այն անձերուն, որոնք կը մերժեն Միացեալ Նահանգներու մէջ 8 նոյեմբերին  տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան արդիւնքը, վերջ տալ երկրին տարածքին կատարուող ցոյցերուն:

Ան ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին երկրին մէջ շարունակուող հանրահաւաքները մեկնաբանելու լրագրողի խնդրանքին ի պատասխան նշած է. «Ես ատիկա պիտի ըսեմ ինքնին տեսախցիկին առջեւ` վերջ տուէք ատոր»:

Թրամփ նաեւ խոստովանած է, որ ինք «ցաւի զգացում կ՛ապրի», երբ կը լսէ այդպիսի ցոյցերու մասին:

«Մի՛ վախնաք: Մենք կը պատրաստուինք վերականգնելու մեր երկիրը», ըսած է Թրամփ` դիմելով ցուցարարներուն, որոնք, ըստ անոր, կը վախնան փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն սահմանափակումէն:

Ան նաեւ խոստացած է հրաժարիլ նախագահի աշխատավարձէն: «Ես երբեք այս նիւթին  շուրջ չեմ խօսած, սակայն պատասխանս «ոչ» է: Կը կարծեմ, ըստ օրէնքի, ես պէտք է տարեկան մէկ տոլար ստանամ, թէեւ իրականութեան մէջ չեմ գիտեր նախագահի աշխատավարձին չափը», ըսած է Թրամփ:

Երբ լրագրողը յիշեցուցած է, որ խօսքը կը վերաբերի տարեկան 400.000 տոլարի, Թրամփ անգամ մը եւս հաստատած է, որ կը հրաժարի աշխատավարձէն:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն խոստացած էր նախագահ ընտրուելու պարագային հրաժարիլ նախագահի աշխատավարձէն:

Ըստ հեղինակաւոր «Ֆորպզ» պարբերաթերթի նորագոյն տուեալներուն, Թրամփի հարստութիւնը կը գնահատուի 3,7 միլիառ տոլարով:

Թրամփ յայտարարած է, որ մտադիր է գաղտնի պահել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի իր ծրագիրը: Ան նշած է, որ Իրաքի Մուսուլ քաղաքը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութիւնը «ծանր կ՛ընթանայ», որովհետեւ Սպիտակ տունը ատոր մասին տեղեկութիւնը նախօրօք հրապարակած էր:

 

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Մտադիր Ենք Ամերիկայի Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնման Համար Արագ Աշխատանք Տանիլ»

Յաջորդը

Թրքական Օդուժը Գործողութեան Սկսած Է Պապի Մէջ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.