Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պունտըսթակի Երեսփոխանները Կը Պահանջեն Դադրեցնել Թուրքիոյ Հետ Եւրոպական Միութեան Բանակցութիւնները

November 9, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

bundestag_110816

«Արմէնփրես» կը նշէ, թէ «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի լրագրողներու, ինչպէս նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններու կալանաւորումը խիստ բացասական արձագանգ ստացած է Գերմանիայէն: Պունտըսթակի խումբ մը երեսփոխաններ Եւրոպական Միութիւնը յորդորած են դադրեցնել Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները:

Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Թոմաս Օփերման յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ բռնատիրական կարգերու հաստատման պատճառով Եւրոպական Միութեան եւ Անգարայի միջեւ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները կրնան առկախուիլ: «Ընդդիմադիրները բանտարկող երկիրը թող չակնկալէ, որ բանակցութիւնները կրնան շարունակուիլ», ըսած է ան:

Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆեն Զայպերթ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի վերականգնման պարագային անխուսափելի պիտի ըլլայ բանակցային հոլովոյթէն հրաժարիլը:

Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան խմբակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Սեւիմ Տաղտելեն եւս յայտարարած է, որ Էրտողան «շատոնց արդէն անցած է կարմիր գիծը»: «Լրագրողները եւ երեսփոխանները բանտարկող երկիրը Գերմանիոյ գործընկերը չի կրնար ըլլալ», ըսած է ան: Ազգութեամբ թուրք երեսփոխան Տաղտելեն փափաք յայտնած է, որ դադրեցուին Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները: Բացի ատկէ, ան պահանջած է, որ Էրտողանի եւ անոր մտերիմ քաղաքական գործիչներուն դէմ պատժամիջոցներ կիրարկուին:

Կանաչներու կուսակցութեան երեսփոխան, Պունտըսթակի փոխնախագահ Քլաուտիա Ռոթ` դատապարտելով ընդդիմադիրներուն եւ լրատուամիջոցներուն դէմ ճնշումները, նշած է, որ անհրաժեշտ է դադրեցնել Թուրքիոյ հետ գաղթականներու հարցով համաձայնագիրը: «Թուրքիան արագօրէն յառաջ կը շարժի բռնապետութեան ճամբով», ըսած է ան:

Գերմանիա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Ապաստան
Տրամադրելու Թուրքիոյ Մէջ Ճնշուածներուն

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Եւրոպայի հարցերու պատասխանատու նախարար Միշել Ռոթ գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ խստօրէն դատապարտած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քայլերը:

«Թուրքիոյ մէջ ներկայիս տեղի ունեցող իրադարձութիւնները որեւէ առնչութիւն չունին եւրոպական արժէքներուն, օրինական պետութեան սկզբունքին, ժողովրդավարութեան եւ մամուլի ազատութեան հետ: Այս պատճառով թրքական կառավարութեան մեր պատասխանը պարզ է եւ յստակ` այսպէս կարելի չէ շարունակել», նշած է ան:

Յիշեցնելով, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով երեսփոխաններ, գիտնականներ եւ լրագրողներ ձերբակալուած են, Ռոթ նշած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը համագործակցի բոլոր ճնշուածներուն հետ:

«Գերմանիան աշխարհի համար բաց երկիր է, անիկա բաց է քաղաքական հետապնդումներու ենթարկուող ոեւէ անձի համար: Բոլորը կրնան ապաստան ստանալու խնդրանքով դիմել Գերմանիոյ», նշած է ան:

Գերմանիոյ Եւրոպայի հարցերու պատասխանատու նախարարը` յիշեցնելով, որ 9 նոյեմբերին հրապարակուած է Թուրքիոյ յառաջընթացին մասին Եւրոպական Միութեան զեկուցումը, ընդգծած է, որ անիկա բացասական գնահատականներ կը բովանդակէ:

«Եւրոպական յանձնաժողովը շատ իրատեսական, բաց եւ քննադատական կերպով պիտի ներկայացնէ, թէ Թուրքիոյ մէջ ի՛նչը սխալ ընթացած է կամ չէ գործած: Դժբախտաբար, այդպիսի բաները Թուրքիոյ մէջ չափազանց շատ են», նշած է ան:

 

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Լրջօրէն Անհանգստացած Է Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւններէն» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Գերմանիան Կը Մեղադրէ ՔԱԿ-ին Եւ Կիւլենականներուն Աջակցելու Յանցանքով

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.