Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Երեխաներուն Մէկ Երրորդը Թէ՛ Աղքատ Է Եւ Թէ՛ Բազմաթիւ Առումներով Խոցելի

November 8, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

hayasdan-yerekha-3_110816

ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) հայաստանեան գրասենեակը եւ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը 26 սեպտեմբերին հրապարակած են Հայաստանի մէջ առաջին ամբողջական ազգային վերլուծութիւնը` մանկական բազմաչափ աղքատութեան վերաբերեալ: Իր տեսակին մէջ այս ուսումնասիրութիւնը առաջինն է մեր շրջանին մէջ եւ հիմնուած է ազգային բազմակի համընկնող խոցելիութեան վերլուծութեան մեթոտաբանութեան վրայ, որ մշակուած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Ինոչենթի հետաքննութիւններու գրասենեակին կողմէ (Ֆլորանս): Զեկուցումը մանկական աղքատութեան վերաբերեալ ամբողջական պատկեր կու տայ ազգային պարունակին մէջ` ներառելով թէ՛ բազմաչափ, թէ՛ դրամական աղքատութիւնը, ինչպէս նաեւ` տուեալներ կը տրամադրէ չափումներու համընկնումի աստիճանին վերաբերեալ:

«Մանկական աղքատութիւնը աւելին է, քան` պարզապէս դրամական կարիքը. անիկա բազմաչափ է: Փոքրիկներու համար աղքատ ըլլալ` կրնայ նշանակել զրկուած ըլլալ կեանքի համար վճռորոշ պայմաններէն, ինչպիսիք են` սնուցումը, կրթութիւնը, ժամանցն ու կացարանային պայմանները: Այս զրկանքները աւելին են, քան` պարզապէս դրամական կարիքները, որոնք կ՛ազդեն երեխայի ոչ միայն ներկայ կեանքին, այլեւ հետագային իր ամբողջական ներուժը զարգացնելու կարողութեան վրայ», նշած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայ:

Ուսումնասիրութիւնը կը չափէ կարիքաւորութիւնը շարք մը չափանիշներով, որոնք ընտրուած են շահագրգիռ կողմերուն հետ խորհրդատուական լայնածաւալ հոլովոյթի հիման վրայ` խարսխուելով նաեւ երեխայի իրաւունքներուն մասին ուխտին վրայ: Այդ չափանիշները հետեւեալներն են` սնուցումը, կանուխ մանկական կրթութիւնը եւ խնամքը, կրթութիւնը, ժամանցը, հասարակական փոխադարձ յարաբերութիւնները, հագուստի առկայութիւնը, տեղեկատուութիւնը, տնային պայմանները եւ այլն: Զեկուցումի մեթոտաբանութեան հիմնական առանձնայատկութիւններէն մէկը կենսափուլային մօտեցումն է. տարբեր տարիքի փոքրիկներ ունին տարբեր կարիքներ: Ուստի վերլուծութեան հիմքին մէջ ինկած են երեք հիմնական` 0-5, 6-14 եւ 15-17 տարիքային խումբերը:

hayasdan-yerekha-1_110816hayasdan-yerekha-2_110816Գիւղաբնակ փոքրիկներու 82 առ հարիւրը խոցելի է, մինչդեռ քաղաքաբնակներուն միայն 53 առ հարիւրը խոցելի է: Գիւղ-քաղաք այս կտրուկ տարբերութիւններու հիմքը կը կազմէ համայնական պայմաններու (87 առ հարիւրը) եւ տեղեկատուութեան հասանելիութեան սահմանափակ ըլլալը (57 առ հարիւր), մինչդեռ ասիկա ճիշդ է քաղաքաբնակ փոքրիկներու միայն մէկ երրորդին համար: Սակայն զրկանքներու բաշխման կամ աղքատութեան յստակ չափանիշներու առումով չկան նշանակալից սեռային տարբերութիւններ:

Երբ բազմաչափ աղքատութիւնը կը համադրուի դրամական աղքատութեան հետ, իւրաքանչիւր 3 փոքրերէն մէկը թէ՛ աղքատ է եւ թէ՛ խոցելի: Երեխաներուն 28 առ հարիւրը խոցելի է  2 եւ աւելի շեմերու վրայ եւ աղքատ է: Այս երեխաները հասարակութեան ամէնէն խոցելի հատուածն են, եւ անոնց պէտք է առաջնահերթութիւն տրուի ընկերային քաղաքականութեան տեսանկիւնէն: Երեխաներուն 36 առ հարիւրը կարիքաւոր է, բայց` ոչ աղքատ: Այս երեխաներուն անհրաժեշտ է անմիջական միջամտութիւն` խոցելիութիւնը վերացնելու համար, քանի որ անոնք կրնան դուրս մնալ այն քաղաքականութիւններէն, որոնք ուղղուած են միայն նիւթական աղքատութեան յաղթահարման:

Ուսումնասիրութիւնը կարեւոր տուեալներ կը հաղորդէ ոչ միայն ընկերային քաղաքականութեան մշակման համար` երաշխաւորելու, որ երեխաները պաշտպանուած ըլլան վտանգներէ, այլեւ` ընդլայնելու հասանելիութիւնը այն ծառայութիւններուն, որոնց կարիքը ունին այդ երեխաները: Անկախ օգտագործուող մեթոտաբանութենէն, վիճակագրութիւնը մեզի կը յուշէ, որ երեխաները, աւելի քան որեւէ տարիքային խումբ, ենթակայ են աղքատութեան վտանգին: Մանկական աղքատութիւնը վերացնելը մարտահրաւէր է բազմաթիւ երկիրներու համար եւ` առանցքային խնդրիրներէն մէկը:

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ-էն Փախուստ Տուած Նատիա Մուրատ Եւ Լամիէ Աճի Պաշար Արժանացած Են Սախարովի Մրցանակին

Յաջորդը

Ըստ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի. Աշխարհի Վրայ Մօտ 385 Միլիոն Մանուկներ Կ՛ապրին Ծայրայեղ Աղքատութեան Մէջ

RelatedPosts

Յուշերու Կապոց.  Զայրացող Լեզուագէտը, Որ Փափուկ Սիրտ Ունէր  (Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Արմենակը

November 14, 2026
«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.