Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱՑԱՒ լիբանանցի նշանաւոր երաժիշտ-երգիչ Մըլհեմ Պարաքաթ:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերը երէկ Ուատի Խալետի մէջ ձերբակալեցին Իպրահիմ Մահմուտը, որ օտարներ առեւանգելու եւ երաշխագին պահանջելով շանթաժ գործելու ամէնէն վտանգաւոր յանցագործներէն է:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ յոյս յայտնեց, որ պետական անվտանգութեան ուժերն ու անոնց իրաւունքները դառնան հանրապետութեան նորընտիր նախագահին առաջնահերթութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` անդրադառնալու համար դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործները չհովանաւորելու անհրաժեշտութեան:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ կառավարութեան վերջին նիստը բաւական լարուած էր` աւելցնելով, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ նախարարաց խորհուրդի ժողովներուն ընթացքին բռնկած բոլոր վէճերուն մասնակից կողմերէն մէկը եղած է: Ան յաջողութիւն մաղթեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին` նախագահական ընտրութեան առիթով:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը Պաապտա հասցնելը ինքնին սխալ մըն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ համագործակցութիւնը հեզասահ է` աւելցնելով, որ անոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը վերաշխուժացնելու համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ առանց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի զոհողութիւններուն եւ գիտակցութեան, Լիբանան հանրապետութեան նախագահ կրնար չունենալ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի հարցականի տակ առաւ Լիբանանի իշխանութեան յաջորդ փուլը` հաւանական նկատելով, որ անտեսումի քաղաքականութիւնը շարունակուի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անթուան Սաատ շեշտեց, որ պլոքը պիտի որդեգրէ միացեալ որոշում մը, որ պիտի ըլլայ վերջնական:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ իրենց մտահոգութիւնները փարատած են` նկատի ունենալով, որ երկուշաբթի օրուան նախագահական ընտրութեան նիստը հաստատուած է եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին երկիրը փրկելու իմաստով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտեցումին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ ինք երկուշաբթի օրուան նախագահական ընտրութեան ընթացքին ձեռնպահ պիտի մնայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա այսօր կը ներկայացնէ զոհողութեան, անկեղծութեան, հաւատարմութեան եւ յանձնառութեան բացառիկ օրինակը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելը այս կամ այն առանցքին յաղթանակը չէ, այլ` Լիբանանի յաղթանակը:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի` հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան:

 

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ Զարիֆ-Լաւրով-Մոալլեմ Եռակողմանի Հանդիպում. «Պատրաստ Ենք Հալէպի Մէջ Զինադադարը Վերականգնելու» Կ՛Ըսէ Մոալլեմ

Յաջորդը

Էրճիյէշ. «Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթին Մօտէն Կը Հետեւինք»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.