Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Ոսկերչութեան Զարգացման Լաւագոյն Պայմանները Ստեղծուած Են

October 27, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vosgueritch_102616

26 հոկտեմբերին Երեւանի «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Ոսկերիչներու համաշխարհային համադաշնութեան համաժողովը` մասնակցութեամբ աշխարհի 25 երկիրներէ եկած ոսկերչութեան եւ թանկարժէք մետաղներու մշակման մարզերը ներկայացնող աւելի քան 80 պատուիրակներու, ինչպէս նաեւ Ոսկերիչներու համաշխարհային համադաշնութեան նախագահ Կայեթանօ Քաւալիերին:

«Այս օրը պէտք է ըլլայ պատմական Հայաստանի ոսկերչական արդիւնաբերութեան զարգացման համար, քանի որ ամբողջ աշխարհի արդիւնաբերութեան ղեկավարները մէկ շաբաթով կը գտնուին Հայաստան եւ կը քննարկեն այս մարզին վերաբերող խնդիրները», ըսած է Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեան:

«Հայաստանը մէկ շաբաթով կը դառնայ ոսկերչական աշխարհի կեդրոնը եւ մեր վրայ սեւեռած է ամբողջ  արդիւնաբերութեան ուշադրութիւնը: Մէկ շաբաթ այստեղ համաշխարհային տարողութեամբ պիտի քննարկուին արդիւնաբերութեան կապուած բոլոր խնդիրները: Այսինքն` այստեղ կը քննարկուին հարցեր, որոնք հետագային պիտի դառնան օրէնքներ ամբողջ աշխարհի երկիրներու ոսկերչական արդիւնաբերութեան համար», ըսած է ան:

Խօսելով հայ ոսկերիչներու գործունէութեան մասին` Գագիկ Գէորգեան նշած է, որ հայ ոսկերիչները աշխարհի լաւագոյն ոսկերիչներէն կը նկատուին: «Որպէսզի կարենանք մեր հայ ոսկերիչները տասնեակ երկիրներէ բերել Հայաստան, որպէսզի այստեղ անոնք հիմնեն իրենց արտադրութիւնները, գործարարութիւնները, պէտք է կարենանք լաւ մթնոլորտ ստեղծել: Գործառնութիւնը կը հիմնեն հոն, ուր խաղաղութիւն է, ուր լաւ տրամադրութիւն, վստահութիւն կայ, եւ այդ բոլոր պայմանները երկրին ղեկավարութիւնը հիմա ստեղծած է», դիտել տուած է Գագիկ Գէորգեան:

Անոր համաձայն, այսօր արդէն տարբեր երկիրներու ոսկերիչներ կրնան գալ Հայաստան եւ «Մերիտիան» ազատ տնտեսական գօտիին մէջ հիմնել իրենց գործարարութիւնը` զերծ կացուցուելով հարկերէն:  Ոսկերիչներու համաշխարհային համադաշնութեան նախագահ Կայեթանօ Քաւալիերին նշած է, որ իրենք կ՛աշխատին աւելի քան 41 անդամ երկիրներու հետ, կը համագործակցին բազում կազմակերպութիւններու հետ: «Համաժողովի ծիրին մէջ պիտի քննարկուին թեքնիք հարցեր` արտադրութիւն, յղկում եւ այլն, իսկ երկրորդ բաժինով անդրադարձ պիտի կատարուի համագործակցութեան հարցերու` արտադրանքի տարածում, վաճառք, կենցաղավարական նորմեր եւ այլն: Շատ կարեւոր է ոսկերչական մարզին մէջ թէ՛ համագործակցութիւնը, թէ՛ արտադրութեան տարածումը», դիտել տուած է Կայեթանօ Քաւալիերին:

Համաժողովի մասնակիցներուն իր խօսքը ուղղած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը մեծ աւանդ ներդրած են ոսկերչութեան եւ ակնագործութեան զարգացման մէջ, իրենց հաստատուն դիրքը ունին այս մարզի տարեգրութեան մէջ: Հայ ոսկերիչներու յաջողութեամբ ստեղծուած գործերը, տարբեր երկիրներու մէջ անոնց գործունէութիւնը մարզին մէջ զարգացումի առիթ եղած են, անոնք հիմնած են ոսկերչական ձեռնարկութիւններ ու վաճառատուներ Նիւ Եորքի ու Փարիզի, Մոսկուայի եւ Լոնտոնի, Պոլսոյ ու Պէյրութի, Գահիրէի եւ բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ: Անոնց ձեռքով կերտուած են ոսկերչական արուեստի փայլուն նմուշներ` ադամանդակուռ գահեր ու թագեր, խաչեր ու շքանշաններ, շքեղ զարդանախշեր ու բաժակներ», ըսած է ան:

Հանրապետութեան նախագահը դիտել տուած է, որ այսօր Հայաստանի մէջ ոսկեգործութեան եւ ադամանդագործութեան զարգացման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներ կը տարուին, պետութիւնը այս մարզը յայտարարած է երկրի տնտեսութեան գերակայ, ռազմավարական ուղղութիւններէն մէկը, եւ ոչինչ կը խնայուի, որպէսզի այդ մարզին մէջ միջազգային համագործակցութիւններ գոյանան, փորձառութեան փոխանակում կատարուի, նոր գաղափարներ յղացուին, մասնագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատուին:

Խօսքի աւարտին Հայաստանի նախագահը Կայեթանօ Քաւալիերին պարգեւատրած է Երախտագիտութեան մետալով` համադաշնութեան ծաւալած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայ ոսկերչական ու ոսկեգործական աւանդութիւնները աշխարհին մէջ ըստ արժանւոյն ներկայացնելու համար:

 

 

Նախորդը

Գերմանական Լրատուամիջոցները Կը Քննադատեն. Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Տարօրինակ Պատճառաբանութեամբ Ջնջած Է Պոլսոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Նուիրուած Համերգը

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Զոհուած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.