
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով ներկայացուցիչ Հերպերտ Զալպեր յայտարարած է. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը աշխուժացած է»:
«Ռուսիան յատկապէս աշխուժ է այդ հարցին մէջ: Հակառակ անոր որ յառաջընթաց տակաւին չկայ, սակայն երկխօսութիւնը կը շարունակուի», ըսած է ան ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:


