
Մալեզիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պատանիներու ծանրաբարձութեան մրցումներուն, Հայաստանը ներկայացնող 17 տարեկան Կարէն Աւագեան 85 քկ դասակարգին մէջ պրոնզ մետալ մը ապահովեց Հայաստանին` արձանագրելով 318 քկ (145+173) արդիւնք մը:
Հայաստան այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 3 մարզիկով:

Աւագեանէն բացի, ախոյեանութեան կը մասնակցին նաեւ Վարազդատ Լալայեան (94 քկ եւ վեր) եւ Արփինէ Դալալեան (69 քկ եւ վեր):
Իր կարգին, պրոնզ մետալի տիրացաւ Դալալեան, որ ընդամէնը բարձրացուց 220 քկ (93+127):
Նշենք, որ մրցաշարքի իրաւարարներուն կարգին է նաեւ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Փաշիկ Ալավերդեան:
Լուրը փոխանցեց News.am-Sport կայքը` եզրափակելով, որ Կարէն Աւագեան այս տարի հանդիսացաւ Եւրոպայի պատանիներու ախոյեան (330 քկ):


