
Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 20 հոկտեմբերին խորհրդարանին մէջ ներկայացնելով կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրն ու ռազմավարական խնդիրները, նախ եւ առաջ շեշտած է` հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցը երկրին թիւ մէկ խնդիրն է:
«Մեր երկրին առջեւ ծառացած ռազմական բնոյթի սպառնալիքները կը պահանջեն ունենալ մարտունակ, մնայուն կերպով կատարելագործուող եւ արդիականացուող, հասարակութեան վստահութիւնն ու աջակցութիւնը վայելող պաշտպանութեան համակարգ: Կը հաստատեմ, որ անվտանգութեան մարզին մէջ կառավարութիւնը ոչ մէկ միջոց եւ ջանք պիտի խնայէ` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ռազմական սպառնալիքները չէզոքացնելու, բաւարար ռազմական կարողութիւններու ստեղծման եւ շրջանին մէջ ռազմական հաւասարակշռութեան պահպանման համար», յայտարարած է վարչապետը:
Ապա Կարապետեան խոստացած է պայքարիլ փտածութեան եւ ստուերին դէմ, արդար եւ ազատ պայմաններ ստեղծել գործարարութեան համար, հարկային եւ մաքսային ծառայողներու կերպարը արմատապէս փոխել: Վարչապետը նաեւ զգուշացուցած է` անհետեւանք պիտի չմնայ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ օրէնքով սահմանուած իրենց լիազօրութիւնները շրջանցելու որեւէ դէպք:
Խօսելով տնտեսութեան զարգացման հեռանկարին մասին` Կարապետեանը շեշտած է, որ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ արտածումներու աճով: «Մեր առաջնային խնդիրը գործարարութեան համար ազատ եւ արդար, մրցակցային միջավայրի ապահովումն է: Օրինապահ տնտեսվարող կառոյցներուն համար հարկային մարմիններու աշխատանքը պէտք է ըլլայ աննկատ, չմիջամտող, կապերը պէտք է հասցնել նուազագոյնի: Տնտեսվարողները պէտք է վստահ ըլլան, որ քրէական պատասխանատուութեան կրնան ենթարկուիլ միայն խարդախութեան, ծանր հանրային վտանգաւորութիւն ունեցող իրաւախախտումներու համար: Անհետեւանք պիտի չմնայ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ օրէնքով սահմանուած իրենց լիազօրութիւնները շրջանցելու որեւէ դէպք», ըսած է վարչապետը` շարունակելով. «Աշխատինք միջազգային ներդրողներու հետ, որպէսզի ապացուցենք, որ Հայաստանի մէջ գործարարութեամբ զբաղիլն ու ներդրումներ կատարելը ապահով է, անվտանգ եւ պարզապէս շահաւէտ»:
Վարչապետը շեշտած է, որ բարեփոխումները պէտք է սկսինք ինքնին կառավարութենէն: «Մենք պէտք է նոր շունչ հաղորդենք պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման համակարգերուն` զանոնք դարձնելով ժամանակակից, ճկուն եւ արդիւնաւէտ: Այդ համակարգերը հիմնական մաքրութեան պիտի ենթարկուին, որպէսզի հասնինք հոն, ուր նուազագոյն ծախսով կարելի պիտի ըլլայ առաւելագոյն արդիւնք ստանալ: Պետական արդիւնաւէտութեան առաջին նախապայմանը փտածութենէն զերծ ըլլալն է, այս մասին շատ կը խօսուի: Վստահ եմ, որ հասարակութիւնը պիտի զգայ համապատասխան ազդակները», ըսած է Կարապետեան:
Կրթութեան եւ գիտութեան մարզերուն անդրադառնալով` ան ըսած է, որ կառավարութեան նպատակը իւրաքանչիւրին որակեալ կրթութիւն եւ գործնական հմտութիւններ ստանալու կարելիութեան ընձեռումն է` աւելցնելով, որ յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել նաեւ գիւղական համայնքներուն մէջ ապրող երեխաներուն:
Ան դիտել տուած է, որ ուսանած ու կրթուած կառավարիչ ունենալը չափազանց կարեւոր է Հայաստանի համար: «Մեր ազգը պէտք է վերարտադրուի, այս մասին այլ կարծիք չկայ: Այնպէս պէտք է ընել, որ հայ մարդը իր երկրին մէջ աշխատելու, ապրելու համար ապահով զգայ, հանգիստ զգայ, բաւարարուած զգայ, ապագային նկատմամբ հաւատք ունենայ»:
Ժողովրդագրական խնդիրներուն մասին խօսելով` վարչապետը անկեղծօրէն նշած է, որ կառավարութեան ծրագիրը ատոր կը վերաբերի, եւ եթէ մարդիկ վաղուան նկատմամբ յոյս, հաւատք ունին, եթէ լաւ կ՛ապրին, ապա չեն մեկնիր երկրէն, ու ծնելիութիւնը կ՛աւելնայ: «Մարդ պէտք է կարենայ դրամ շահիլ, լաւ ապրիլ ու իրեն պաշտպանուած զգալ», շեշտած է ան:
Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ վարչապետը կարեւոր նկատած է այն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ համայն հայութեան կեդրոն, աւելի բարձր դեր ունենայ: Այդ ուղղութեամբ նախատեսուած են իրականացնել սուրիահայերու եւ իրաքահայերու համարկման ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ համահայկական կառոյցներուն հետ միասնաբար կը մշակուին հայապահպանման ծրագիրներ:
Ըստ վարչապետին, պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան մարզին մէջ առանձնայատուկ է սփիւռքի ներուժի օգտագործումը: «Բազմաթիւ մարզերու մէջ սփիւռքի մեր հայրենակիցները ունին հարուստ փորձառութիւն եւ գիտելիքներ, որոնց փոխշահաւէտ ներդրումը կրնայ ստեղծել հասարակական նոր որակներ, յառաջ բերել նոր գաղափարներ, ներմուծել մշակութային նոր ձեւաչափեր, բերել աշխատանքային նոր մշակոյթ, ստեղծել համաշխարհային մրցունակ ապրանքներ եւ ծառայութիւններ: Կառավարութիւնը պիտի նախաձեռնէ սփիւռքի գործարար ներուժը ներգրաւող միջոցառումներու եւ նախագիծերու: Կարեւոր է նաեւ մեր սփիւռքի հայրենակիցներուն «Մէկ պատուհան»-ի սկզբունքով խորհրդատուական ծառայութիւններու մատուցումը:
Նշենք, որ ծրագիրը ներկայացնելէ առաջ վարչապետը յատուկ կերպով շեշտեց, որ անոր վերաբերող քննարկումներ կատարուած են նախկին վարչապետներու, նաեւ` հայ եւ օտար տնտեսագէտներու եւ գործարարութեան մարզի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ իշխանութեան մաս կազմող ՀՅ Դաշնակցութեան հետ:


