
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք «Ազերնիուզ»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ տարբեր երկիրներու բարձրաստիճան քաղաքական ղեկավարները իրենց աջակցութիւնը առաջարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն միջեւ իբրեւ միջնորդ ստեղծուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան:
Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հասցէին ուղղուած քննադատութեան` ան նշած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները միշտ տեղեակ են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ իրադարձութիւններու զարգացման բոլոր մանրամասնութիւններէն:
«ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը մնայուն ուշադրութիւն կը յատկացնէ տագնապին: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր այցելած է շրջան, եւ անոր այցելութեան օրակարգին վրայ եղած է նախ եւ առաջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խնդիրը: Գործող նախագահը եւ տարբեր երկիրներէ բարձրաստիճան այլ քաղաքական գործիչներ իրենց աջակցութիւնը առաջարկած են Մինսքի խմբակի գործունէութեան», ըսած է Քասփրչիք` աւելցնելով, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին լուծումը յաճախակի քննարկման առարկայ է ԵԱՀԿ-էն բացի նաեւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ:
Քասփրչիք ընդգծած է, որ համանախագահները ամէնօրեայ դրութեամբ ներգրաւուած են այդ միջնորդական գործունէութեան մէջ:
Մեկնաբանելով կողմերուն միջեւ զինադադարը` ան նշած է, որ իր գրասենեակը ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի իրավիճակին:
Վկայակոչելով ստացուած տեղեկութիւնը եւ իրենց սեփական դիտարկումները` Քասփրչիք նշած է, որ մայիս 2016-ի վերջէն ի վեր առաջին գիծի երկայնքին իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն եղած է, հակառակ այն իրողութեան, որ դարձեալ եղած են զինադադարի դրութեան խախտումներու եւ զոհերու մասին հաղորդումներ:
«Իւրաքանչիւր դժբախտ պատահար ողբերգութիւն է եւ վիշտ` մահացածի ընտանիքին եւ ընկերներուն համար: Ես կը կիսեմ այդ վիշտը», ըսած է Քասփրչիք` աւելցնելով. «Զինադադարը պիտի պահպանուի միայն կողմերու քաղաքական կամքին հիման վրայ»:
«Պիտի ուզէի ընդգծել, որ իրականացուող հսկողութիւնները հետազօտութիւններ չեն, ո՛չ ալ խաղաղարար քայլ, հսկողութիւնները միայն արդիւնաւէտ եւ կայուն միջոց են տեղւոյն վրայ ընդհանուր իրավիճակի մասին տեղեկութիւն ստանալու համար: Կողմերուն աջակցութեամբ մենք պիտի շարունակենք մեր գործունէութիւնը», ըսած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը:
Դիւանագէտը նաեւ նշած է, որ ինչ կը վերաբերի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի լիազօրութիւններու ընդլայնումին, ատիկա պիտի չազդէ իր լիազօրութեան եւ իր գրասենեակի աշխատանքի մեթոտներուն վրայ:


