
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նախկին բերդապահ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի բերդապահներու մարզիչ Սարգիս Էսկիճեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին յատուկ հրաւէրով երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Հայաստան:
Հայրենիքի մէջ ան պիտի միանայ Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբին, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ կը նախապատրաստուի 25-26 հոկտեմբերին Պիելոռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական երկու մրցումներուն (Մինսքի մէջ):
Հայրենի կազմին հետ անոր մասնակցութիւնը` միջազգային այս մրցումներուն, յաւելեալ փորձառութեամբ պիտի օժտէ զայն, մանաւանդ որ ան կը նկատուի Լիբանանի լաւագոյն բերդապահներէն մէկը:


