Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր` Առանց Անդրադառնալու Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Օրինագիծերուն

October 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

parliament_101916

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան մեծ թիւով օրինագիծեր, որոնց մեծ մասը` տնտեսական եւ  դրամական բնոյթի:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանները պոյքոթի ենթարկեցին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը` հիմնուելով այն համոզումին վրայ, որ ըստ սահմանադրութեան, հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան անկարելի է օրէնսդրական նիստ գումարել:

Հակառակ անոր որ օրէնսդրական նիստը կրկնակ աճապարանօք օրինագիծերու վաւերացման նպատակով կայացաւ, սակայն անիկա զերծ չմնաց քաղաքական եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող կեցուածքներէն:

Նախքան օրակարգի կէտերուն քննարկման սկսիլը, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Ժորժ Ատուան եւ Իպրահիմ Քանաան անդրադարձան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի կողմէ նախանցեալ օր կատարուած յայտարարութիւններուն` դիտել տալով, որ այդ խօսքերը բնաւ չեն նմանիր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:

Պըրրի յայտնեց, որ ինք նախանցեալ օր յայտարարութիւն չէ կատարած, բացի խորհրդարանի դիւանի նիստին կատարածէն: Ան վերահաստատեց, որ հակառակ անոր նկատմամբ իր սիրոյն եւ յարգանքին, ինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ի նպաստ պիտի չքուէարկէ եւ պիտի դառնայ ընդդիմութիւն: «Արդեօք այս յայտարարութիւնը յարանուանակա՞ն կամ համայնքայի՞ն է», հարց տուաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ ինք կը մաղթէր, որ քաղաքական ուժերուն ղեկավարութիւնները հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով լուսաբանութիւն պահանջէին այդ մասին, սակայն նման բան տեղի չունեցաւ:

Պըրրի հաստատեց, որ ինք չի կրնար օրէնսդրական իշխանութեան պետը ըլլալ եւ բացակայիլ նախագահական ընտրութեան նիստերէն` նշելով, որ այդ ճշմարտութեան փաստը այն է, թէ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը երկուքուկէս տարուան ընթացքին հրաւիրուած նախագահական ընտրութեան բոլոր նիստերուն ներկայ գտնուած է: Ան շեշտեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը պիտի մասնակցի 31 հոկտեմբերի նիստին եւս եւ պիտի քուէարկէ իր համոզումներուն համաձայն:

Իր կարգին, նախարար Խալիլ յայտնեց, որ ինք կը մերժէ երկկողմանի համաձայնութիւնները եւ կը նախընտրէ ազգային համաձայնութիւնները:

Օրէնսդրական իմաստով խորհրդարանը առաւօտեան նիստին ընթացքին վաւերացուց շարք մը տնտեսական օրինագիծեր, որոնց նկատմամբ վերապահութիւն յայտնեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի եւ Լիբանանեան ուժերու երեսփոխանները` նկատել տալով, որ ելեւմտական մարզին վերաբերող օրինագիծերը անհրաժեշտութեան օրէնսդրութիւն չեն նկատուիր:

Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը վերապահութիւն յայտնեց ելեւմտական օրինագիծերուն վաւերացումին առումով` շեշտելով, որ օրէնսդիր աշխատանք կարելի չէ կատարել ճնշումի տակ:

Օրէնսդրական նիստը վաւերացուց Լիթանի գետի ապականումին վերջ տալու, երթեւեկի օրէնքներու բարեփոխումի, ինքնաշարժներու մեքանիզմի ստուգման եւ քաղաքապետարաններուն տուրքերուն վրայ յաւելեալ տուգանքներու նուազեցման, մինչեւ յառաջիկայ փետրուար զբօսաշրջական հաստատութիւնները տուրքերէ զերծ կացուցելու օրինագիծերը:

Կրկնակ աճապարանօք օրինագիծերու շարքին խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ օդը կրակելը քրէականացնող օրինագիծը, որուն համահեղինակներէն մէկն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի  ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նիստին ընթացքին երեսփոխանները անհամաձայն գտնուեցան միջազգային կողմերու հետ տուրքերու վերաբերեալ տեղեկութիւններու փոխանակում կատարելու օրինագիծին շուրջ, սակայն նկատի ունենալով, որ եթէ մինչեւ 4 նոյեմբեր այդ օրինագիծը չվաւերացուի, Լիբանան կրնայ միջազգային մակարդակի խնդիրներ ունենալ այլ պետութիւններու հետ, առաջարկուեցաւ վերամշակել օրինագիծը եւ դարձեալ ներկայացնել քննարկումի: Այդ նպատակով կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որուն նախագահեց նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ անդամակցեցան երեսփոխաններ Նաուաֆ Մուսաուի եւ Ղասսան Մուխայպեր:

Խորհրդարանը երեկոյեան ժամը 6:00-ին օրէնսդրական իր նիստը սկսաւ քննարկելով վերոնշեալ յանձնախումբին կողմէ բարեփոխուած միջազգային կողմերու հետ տուրքերու վերաբերեալ տեղեկութիւններու փոխանակում կատարելու օրինագիծը եւ վաւերացուց զայն:

Ապա քննարկուեցաւ պետական ամավարկին պարագային յաւելեալ յատկացումներ նկատի ունենալու օրինագիծը` պետական հաստատութիւններու սարքաւորման եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի ապահովումին նպատակով:

Այս օրինագիծին դէմ արտայայտուեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, որ յայտնեց, թէ ելեւմուտքի նախարարութիւնը այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատի:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ խիստ պատասխան մը տուաւ Սինիորային` հաստատելով, որ նախարար Խալիլ իր պարտականութիւնները կատարած է եւ պետական ամավարկը պատրաստած: «Այդ ամավարկը կը գտնուի քաղաքական ուժերուն մօտ եւ ոչ թէ կառավարութեան», ըսաւ վարչապետ Սալամ:

Ատուան վարչապետ Սալամի կատարած վերջին յայտարարութիւնը` ամավարկը քաղաքական ուժերուն մօտ գտնուելու վերաբերող, նկատեց շատ վտանգաւոր իրականութիւն մը:

Բայց ի վերջոյ խորհրդարանը վաւերացուց պետական ամավարկին պարագային յաւելեալ յատկացումներ նկատի ունենալու օրինագիծը:

Օրէնսդրական նիստը աւարտեցաւ շուրջ ժամը 8:00-ին, առանց խորհրդարանին կողմէ քննարկելու ընտրական օրէնքին վերաբերող օրինագիծերը` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Նախորդը

Պոնաֆոն Այցելեց Վարչապետ Սալամի, Մահմուտ Պըրրիի Եւ Ժոմպլաթի

Յաջորդը

Անգարա Կը Դատապարտէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Կողմէ Ցեղասպանութեան Ուրացումը Քրէականացնող Օրինագիծին Վաւերացումը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.