
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինիի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին վերաբերող զարգացումները:
Զօր. Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց երկրին սահմանադրութեան գործադրութիւնը եւ կոչ ուղղեց յաւելեալ բարդութիւններ չստեղծելու, այլ խօսքով` պահպանելու ժողովրդավարութիւնը եւ առիթ ընծայելու, որ երեսփոխանները ընտրեն այն թեկնածուն, զոր կը փափաքին հանրապետութեան նախագահ տեսնել:
Զօր. Սլէյման ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան վտանգաւոր անկիւնադարձի մը վրայ կը գտնուի:


