
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Շալքէի յառաջապահ Պրիլ Էմպոլօ չորսէն վեց ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` նկատի ունենալով, որ ան իր ոտքը կոտրեց, երբ իր կազմին հետ կը մասնակցէր Օկզպուրկի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին:
Շալքէի թեքնիք տնօրէն Քրիսթիան Հիտել ըսաւ, որ 19 տարեկան զուիցերիացիին վիրաւորուիլը մեծ հարուած մը եղաւ խումբին համար` նկատի ունենալով, որ հետզհետէ կը բարելաւէր իր խաղարկութիւնը եւ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի կ՛առնուէր:


