Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութիւնը Պէտք Է Հոգայ Լիբանանցիներուն Կարիքները, Իսկ Նախագահական Ընտրութեան Առումով Մեր Կեցուածքը Կը Մնայ Անփոփոխ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

October 14, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nasralla_ashoura_101316

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա չորեքշաբթի օր անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններ, ուր փոխանցեց Աշուրայի պատգամը, բազմահազար քաղաքացիներու կատարած քայլարշաւէն ետք:

Իր խօսքին մէջ սէյիտ Նասրալլա հաստատեց Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական դրական ընթացքը, որ պէտք է արդիւնաւորուի նախագահական ընտրութեամբ:

Ան լուսարձակի տակ առաւ լիբանանցիները ճնշող տնտեսական եւ ընկերային հարցերը` կոչ ուղղելով կառավարութեան հոգալու լիբանանցիներուն կարիքները:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան առումով Հըզպալլայի կեցուածքին` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենց կեցուածքը այդ իմաստով կը մնայ անփոփոխ:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց նաեւ, որ Դիմադրութեան ուշադրութենէն պիտի չշեղին Իսրայէլն ու լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանները` հաստատելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ հզօրութիւնը կը կայանան անոր բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան մէջ:

«Մեր հայեացքները կը հսկեն նաեւ հիւսիսային սահմաններուն` դիմադրելու նաեւ ՏԱՀԵՇ-ին, ինչպէս նաեւ կը շարունակենք պայքարիլ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատելու նպատակով», ըսաւ ան` շեշտելով, որ այդ պատերազմը բռնկեցուցած են ամերիկացիները եւ Սէուտ ընտանիքը:

Այս շրջագիծին մէջ, սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Եմէնի դէմ մղուած պատերազմը, որուն նպատակն է ճնշել Եմէնը եւ սպաննել եմէնցիները:

ՆՇԵՆՔ, որ բանակը եւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերը Հարաւային արուարձաններուն մէջ ձերբակալեցին ահաբեկչական ցանց մը, որուն մաս կը կազմէին սուրիացիներ: Ձերբակալեալները խոստովանեցան, թէ կը ծրագրէին Աշուրայի սգահանդէսի յատուկ սրահներն ու դահլիճները ահաբեկչական գործողութիւններու թիրախ դարձնել:

 

 

 

Նախորդը

Աշքութի Ահաւոր Ոճիրը Կը Ցնցէ Քեսրուանը Եւ Ամբողջ Լիբանանը

Յաջորդը

Պըրրի Երկրին Քաղաքական Եւ Ապահովական Իրադարձութիւնները Քննարկեց Շարք Մը Անձնաւորութիւններու Հետ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.