Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածութիւնս Պիտի Պահեմ, Նոյնիսկ Եթէ Մէկ Զօրակից Ունենամ» Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

October 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_frenjie_101116

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ընտրելու համար խորհրդարանի երկու ընդհանուր քարտուղարներն ու խորհրդարանական յանձնախումբերը:

Կէսօրէ ետք Պըրրի ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Թոնի Ֆրենժիէ, իրաւաբան Եուսեֆ Ֆընիանոս, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Ահմետ Պաալպեքի:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է Պըրրիին իր նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար` աւելցնելով, որ իրենց միջեւ տեսակէտները եղած են համախոհական:

«Մենք համաձայնեցանք, որ լաւ եւ վատ պայմաններուն ընթացքին միասին մնանք, իսկ ես նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւնս պիտի պահեմ, նոյնիսկ եթէ մէկ զօրակից ունենամ», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Ան նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն կացութիւնը աւելի պարզ եւ յստակ պիտի դառնայ` կոչ ուղղելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին 31 հոկտեմբերին ուղղուելու խորհրդարան` նախագահական ընտրութեան նիստին մասնակցելու նպատակով:

«Զօր. Աուն իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին ժողովրդավարութեան մասին խօսեցաւ: Թող ան ուղղուի խորհրդարան, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը իրականութիւն դառնայ», նշեց Ֆրենժիէ:

Ան հարց տուաւ, թէ շուրջ տասը ամիս առաջ իր թեկնածութեան նկատմամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի զօրակցութիւնը մեղադրող կողմերը նոյները չե՞ն, որոնք այսօր կը պահանջեն Հարիրիի կողմէ զօր. Աունի թեկնածութեան առաջադրումը:

«Երբ Պըրրի իմ թեկնածութիւնս կ՛առաջադրէ` ես հպարտ կը զգամ, երբ իմ համայնքս ինծի նեցուկ կը կանգնի` ճակատս կը բարձրացնեմ, սակայն չեմ ճահճացներ ինքզինքս եւ համայնքս ինքզինքս պաշտպանելու պատնէշի չեմ վերածեր: Մենք հզօր ենք մեր համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ հզօր ենք արաբականութեան եւ հայրենասիրութեան առումով: Ես կառչած կը մնամ այն համոզումին, որ ինքզինք հզօր նկատող թեկնածու մը իրմէ աւելի տկար թեկնածուին չի զիջիր, իսկ այս համոզումը կրնայ փաստուիլ խորհրդարանին մէջ: Հետեւաբար, թող բոլորը հրամմեն խորհրդարան», շեշտեց ան:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքն ու խորհրդարանի նախագահը կը փափաքին սահմանադրութեան վրայ հիմնուելով նախագահական ընտրութիւն կատարել, առանց նախապայմանի:

Քազզի աւելցուց, որ նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտողը փաթեթային ծրագիրը չէ, այլ` նախագահական ընտրութեան նիստերէն բացակայող կողմերը:

Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նշենք, որ Պըրրիի տեղեկատու գրասենեակը երէկ առաւօտեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց «Մուսթաքպալ» եւ «Լիուա» օրաթերթերուն կողմէ Պըրրիի վերագրուած այն տեղեկութիւնները, թէ ան կտրականապէս կը մերժէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խորհրդարանի դիւանը նախանցեալ օրուան իր նիստին ընթացքին քննարկած է իրեն յատուկ հարցեր ու թղթածրարներ եւ ոչ թէ նախագահական ընտրութիւնը, կամ զօր. Աունի թեկնածութեան թեր ու դէմ կեցուածքները:

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին Մասնակցելու Նահատակներուն Յիշատակին Նուիրուած Կիրակի Օրուան Ցոյցին» Շեշտեց Քանաան

Յաջորդը

«Նախագահի Ընտրութեան Առումով Հըզպալլայի Կեցուածքը Կը Մնայ Անփոփոխ» Հաստատեց Սէյիտ Հասան Նասրալլա

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.