Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Այցելեց Արսլանի Եւ Քանսոյի

October 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

basil_arslan_101116

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, ներկայութեամբ` երեսփոխաններ Նաժի Ղարիոսի, Հիքմաթ Տիպի եւ Ապպաս Հաշեմի:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը սկսած է խորհրդակցութիւններու շրջապտոյտի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին համախոհական նախագահ մը ընտրելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերուն մտավախութիւնները:

Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ապրի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անկիւնադարձային պահեր, որոնց ընթացքին պէտք է համախոհութիւն գոյացնել:

Իր կարգին, Արսլան ընդգծեց, որ իրենք կը քաջալերեն լիբանանցիներուն միջեւ մերձեցումը եւ յատկապէս կը զօրակցին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ մերձեցումին, որ աւելի շօշափելի կը դառնայ, երբ Հարիրի պաշտօնապէս յայտարարէ, թէ ինք կ՛որդեգրէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը:

Արսլան շեշտեց, որ իրենք զօր. Աունի հետ համաձայն են, որ երբ Հարիրի անոր թեկնածութիւնը առաջադրէ, ապա իրենք հանդիպումներ պիտի ունենան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, որպէսզի միասնական ըլլան:

Արսլան կոչ ուղղեց ամրապնդելու երկիրը, որովհետեւ անոր դժուար օրեր եւ պայմաններ կը սպասեն:

Այցելութիւն` Ղովմի Կուսակցութեան

basil_kanso_101116

Պասիլ այցելեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ալի Քանսոյի, որուն հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, թէ փոխըմբռնումի տարածութիւնը որքա՛ն լայն ըլլայ, յաւելեալ զարգացում եւ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի:

«Մենք այսօր կը գտնուինք ազգային իսկական միասնականութիւն մը գոյացնելու սեմին», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Քանսօ ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, պայմանով որ երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը կարգաւորուի:

Քանսօ շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու առաջնահերթութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսումին, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան, ընտրական նոր օրէնքին եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման մասին խորհրդակցութիւնները շարունակել:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Ներքին Քաղաքական Հարցերը

Յաջորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին Մասնակցելու Նահատակներուն Յիշատակին Նուիրուած Կիրակի Օրուան Ցոյցին» Շեշտեց Քանաան

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.