Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Ամալ Մաարաքէին (2-0) Եւ Մնաց Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

October 10, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem-team_10916

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 9 հոկտեմբերին տեղի ունեցան հինգ մրցումներ:

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ամալ Մաարաքէն, արձանագրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Ահլի Նապաթիէն:

Այս հանգրուանէն ետք ՀՄԸՄ եւ Ահլի Նապաթիէ ցարդ անպարտելի են: Նշենք, որ Ամալ Մաարաքէ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:

Անպարտելի մնալէ բացի, ՀՄԸՄ ցարդ միակ խումբն է, որ կոլ չէ ստացած իր բերդին մէջ:

Մրցումին ազդանշանը տուած իրաւարարին սուլիչէն հազիւ 15 վայրկեան ետք, ՀՄԸՄ բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Սագօ Ազնաւուրեանի, որ սքանչելի փոխանցում մը ստացաւ հայրենի ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղանտալեանէն:

17-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ-ի խմբապետ եւ բերդապահ Յարութ Սարգիս իր կազմը փրկեց վտանգաւոր առիթէ մը:

Շուրջ 20-րդ վայրկեանին Յակոբ Տօնապետեան փոխարինեց վիրաւորուած Տիգրան Վարդանը:

44-րդ վայրկեանին բերդապահ Սարգիս իր կազմը փրկեց այլ ստոյգ կոլէ մը, երբ զսպեց դէպի իր կողմը յառաջացող մրցակից մարզիկներէն մէկը, որ առանձին կ՛ուղղուէր դէպի ՀՄԸՄ-ի բերդը:

Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով, սակայն ՀՄԸՄ քանի մը ստոյգ առիթներ չկրցաւ կոլի վերածել:

76-րդ վայրկեանին այս անգամ Մամաս Քէհէեան դաշտ ներկայացաւ` փոխարինելով վիրաւոր Ալեք Ալճեանը:

83-րդ վայրկեանին Ճոնի Քոնճեան հանգստացուց իր խմբակիցներն ու համակիրները, երբ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդ կոլը:

hmem-fans_10916

Մինչ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կը պայքարէին դաշտին վրայ յաղթանակ արձանագրելու համար, անդին այդ յաղթանակին մէջ իրենց մեծ բաժինը ունեցան ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրները, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անդադար քաջալերեցին իրենց մարզիկները:

Մնացեալ մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ռիատա Ուալ Ատապ-Իսլահ Պըրժ Շիմալի` 1-3, Շապապ Ղազիէ-Մապարրա` 2-1, Շապապ Արապի-Շեպիպեթ Մազրաա` 3-0 եւ Ահլի Սայտա-Նասեր Պար Էլիաս 0-2:

Ստորեւ` դասաւորումը.

  ԿԷՏ
1.- ՀՄԸՄ 10 (9-0)
2.- Ահլի Նապաթիէ 10 (6-1)
3.- Շապապ Արապի 9 (9-2)
4.- Իսլահ Պըրժ Շիմալի 9 (10-5)
5.- Շապապ Ղազիէ 9 (7-4)
6.- Նասեր Պար Էլիաս 9 (7-5)
7.- Ամալ Մաարաքէ 7 (4-4)
8.- Մապարրա 4 (4-5)
9.- Շեպիպեթ Մազրաա 1 (2-8)
10.- Ահլի Սայտա 1 (0-6)
11.- Ռիատա Ուալ Ատապ 0 (2-9)
12.- Սաժես 0 (2-13)
Նախորդը

2018-Ի Մոնտիալ. Հայաստան Իր Ամէնէն Ծանր Պարտութիւնը Կրեց (5-0) Պաշտօնական Մրցումներուն Ընթացքին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.