Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարգ Մը Ուժեր Կը Դատապարտեն Եմէնի Սպանդը

October 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

yemen-massacre_10916

Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու գործադիր խորհուրդը երէկ խստիւ դատապարտեց Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի դէմ գործուած սէուտական ռմբակոծումները, որոնք պատճառեցին հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ:

Խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ սգահանդէս մը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը ամէնէն վայրագ արարքներէն մէկը կը նկատուի, անիկա եմէնցիներուն դէմ գործուած սպանդ մըն է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ սէուտական վարչակարգը գործած է Եմէնի սպանդը, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Սէուտական Արաբիոյ այս արարքին:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց մասնակցելու Կեդրոնական Պէյրութի ԷՍՔՈՒԱ-ի շէնքին դիմաց այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցին:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան դատապարտեց Եմէնի դէմ գործուած սպանդը` պնդելով, որ անիկա կանխամտածուած ահաբեկչական արարք մըն է: Ան կոչ ուղղեց եմէնցիներուն կառչած մնալու իրենց ազգային միասնականութեան եւ գոյապայքարին:

Իր կարգին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ Եմէնի մէջ սէուտական իշխանութիւններուն գործած սպանդը խիստ դատապարտելի է` աւելցնելով, որ ոճրային այդ արարքը պատճառ պիտի դառնայ, որ շատ մը երկիրներու մեղսակցութիւնը բացայայտուի:

Ամալ շարժումը իր կարգին դատապարտեց Եմէնի դէմ գործուած յարձակումը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ արաբական եւ իսլամական երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական լուծումներ ապահովել Եմէնի տագնապին:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ մեղսակից են Եմէնի մէջ գործուած սպանդին, իսկ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը պատերազմական ոճրագործ է եւ ըստ այնմ պէտք է դատավարութեան ենթարկուի:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Փարիզի Քաղաքապետ Անն Իտալկոյի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Արազ Օզպիլիս Կրնայ Տեղափոխուիլ Թերեք

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.