Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ . «Կը Մերժենք Հանրապետութեան Նախագահը Կաշկանդող Որեւէ Պայման» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

October 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

rayi_ali_hasan_khalil_10716

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ գործուղուած  ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ երկրին տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակին վատթարացումին ի տես, անհրաժեշտ էր հրապարակել նման ամբողջական հաղորդագրութիւն մը:

Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին համար նախագահական ընտրութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն գտնուած են այդ թղթածրարին կապուած գրեթէ բոլոր մանրամասնութիւններուն:

«Մենք յանձնառու ենք, որ Պքերքէի հետ յարաբերութիւնը պահպանուի, եւ այս իրականութեան փաստը Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնն էր եւ այդ հաղորդագրութեան նկատմամբ Պըրրիի ցուցաբերած զօրակցութիւնը», ըսաւ ան:

Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց նաեւ, որ իրենք նախանձախնդիր են երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու աշխատանքը դիւրացնելու: Ան նշեց, որ իրենք կը մաղթեն, որ յառաջիկայ օրերուն դրական զարգացումներ արձանագրուին:

«Պըրրի յանձնառու է լիբանանցիներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններուն եւ այս իրականութեան փաստը այն է, որ մեր պլոքը ներկայ կը գտնուի նախագահական ընտրութեան իւրաքանչիւր նիստի, եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ: Իսկ թէ ո՛վ պիտի ընտրէ հանրապետութեան նախագահ, ապա ատիկա կը յստականայ ընտրութեան ընթացքին: Կը մերժենք հանրապետութեան նախագահը կաշկանդող որեւէ պայման եւ այս իմաստով Ռայի պատրիարքին հետ տարակարծիք չենք, իսկ փաթեթային ծրագիրին նպատակն է հանրապետութեան նախագահին աշխատանքը դիւրացնել», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ ինք կը զօրակցի Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւններուն, յատկապէս այն առումով, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ իրաւարար նախագահ եւ ոչ թէ կողմնակալ նախագահ:

Սլէյման շեշտեց, որ Հըզպալլա պատասխանատու է Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը արգելակելու քայլերուն` շեշտելով, որ Հըզպալլա պէտք է վերջնական որոշում տայ եւ ուղղուի խորհրդարան` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը:

Նախորդը

Պըրրի. «Ներկայիս Ոչ Մէկ Նորութիւն Ունիմ Փոխանցելիք»

Յաջորդը

Ակնարկ. Տարբեր Որոշումներ, Տարբեր Շարժառիթներ` Առանց Դասեր Տալու

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.