Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 36-րդ Հատորի Շնորհահանդէս

October 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

haigazian1_10616

Երէկ` հինգշաբթի, 6 հոկտեմբերի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի  36-րդ հատորին շնորհահանդէսը:

haigazian4_10616Երեկոն վարեց Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ սահիկներու ցուցադրութեան միջոցով ներկայացուց երկու շաբաթ առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 36-րդ հատորի առաջին շնորհահանդէսը` Գիւմրիի հայկական կեդրոնի հայագիտական ժողովի ծիրին մէջ:

haigazian6_10616Օրուան բանախօսն էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան անդրադառնալով հայագիտական ուսմանց տարբեր ճիւղերուն եւ հայագիտութեան դիմագրաւած տարբեր խնդիրներուն` շեշտեց, որ ըստ կարելւոյն պէտք է կարենանք յարմարիլ նոր իրավիճակներուն, լիարժէք կերպով կարենանք տեսնել զանոնք, որպէսզի համապատասխան արձագանգներ ունենանք եւ համապատասխան ձեւով ներկայացնենք մեր ժառանգութիւնը, մեր պատմութիւնը, մեր հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքները: Ըստ դեսպանին Մկրտչեանի, կարեւորագոյն մատահրաւէրը այն է, որ աշխատանք տանինք տարբեր երկիրներու մէջ, ուր հայ համայնքները ունին որոշ ազդեցութիւն, կրթական հաստատութիւններու` համալսարաններու մաս դարձնենք հայագիտութիւնը, թէկուզ փոքր ծաւալներով: «Հայագիտութիւնը միայն հայ ժողովուրդինը չէ, հայագիտութիւնը շատ առումներով համամարդկային արժէքներ կը ներկայացնէ: Հայ ժողովուրդը ապրելով տարբեր դարաշրջաններու մէջ, տարբեր միջավայրերու եւ հասարակութեանց մէջ, տարբեր երկիրներու մէջ, ստեղծելով այդ արժէքները հաղորդակցած է նաեւ այդ միջավայրի էութեան հետ եւ իր ներդրումը ունեցած է եւ ազդեցութիւն ձգած այլ ժողովուրդներու ե՛ւ պատմութեան, ե՛ւ մշակոյթին եւ այլ մարզերու զարգացման վրայ»:

Դեսպան Մկրտչեան անդրադարձաւ, թէ Հայաստանի մէջ կայ լուրջ բացթողում, որ գիտնականներն ու ուսումնասիրողները կը ստեղծագործեն հայերէնով, այսպիսով այդ աշխատանքը կը մնայ սահմանափակ, մեծ տարածում չի գտներ եւ չ՛ընդլայներ սփռման շրջանակը: Ան շեշտեց, որ այդ ուսումնասիրութիւնները պէտք է թարգմանուին տարբեր լեզուներու, որպէսզի հասանելի դառնան օտար գիտական շրջանակներուն:

Իսկ անդրադառնալով «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին, դեսպան Մկրտչեան նկատել տուաւ, որ հանդէսը արժէքաւոր է իր գիտական ուսումնասիրութեան տարբեր ձեւաչափերու գոյութեամբ, սկսած լիարժէք յօդուածէն, հասնելով մինչեւ տարբեր հրապարակումներ, տեսակէտներ եւ նաեւ գրաքննադատական հատուածներ եւ ամփոփումներ:

haigazian3_10616Հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան խօսք առնելով արտայայտեց իր յարգանքն ու գնահատանքը Հայկազեան համալսարանի նախագահութեան եւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի հրատարակութեան թիկունք կանգնող անհատներուն: Իսկ յատուկ շնորհակալութիւնն ու յարգանքը ուղղեց յօդուածագիրներուն, որոնք կը հաւատան հայ դարաւոր մշակոյթին եւ կը ծառայեն անոր:

Հայր Կռանեան իր խօսքը փակեց հետեւեալ տողերով. «Մարդ էակին կեանքը հիմնուած է հաւատքի եւ համոզումներու վրայ: Մարդիկ կը ստեղծեն այն, որուն կը հաւատան: Իսկ բանի մը հաւատալու լաւագոյն ձեւը զայն ապրիլն է:Կը հաւատաք, ապրեցէ՛ք: Հայերս այդ պատգամին դարերէ ի վեր հաւատացած եւ զայն գործադրած ազգ մը եղած ենք, որովհետեւ հայուն համար մշակոյթը եւս եղած է ինքնաճանաչումի եւ հայ ըլլալու ազդակ, սկսեալ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի օրերէն մինչեւ մեր ներկան, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին: Հայաստան եւ սփիւռք ապրելու եւ իրար ապրեցնելու համար պէտք ունին համագործակցութեան` նաեւ մշակոյթի մարզին մէջ: Ահաւասիկ այն հատորը, նմուշ ամենանուրբ համագործակցութեան Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ: Առէ՛ք, սիրելիներ եւ վայելեցէք զայն»:

haigazian2_10616Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան շեշտեց, թէ հայկական կեանքն ու հայագիտութիւնը սերտօրէն առնչուած են իրարու հետ եւ ամէն հաւաքական նահանջ հարուած կը հասցնէ հայագիտական մէկ մարզին կամ միւսին, իսկ ամէն վերելք նոր գիտական առիթներ կը բանայ մեր առջեւ: Ան նաեւ ըսաւ, թէ ըլլայ Հայկազեանի մէջ կամ այլուր, այսօր ականատեսը կ՛ըլլանք երիտասարդ հայագէտներու բացայայտումին եւ անոնց հայագիտական ուսմանց հետաքրքրութեան:

Հարկ է նշել, թէ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 36-րդ հատորի խմբագրականը յատուկ տեղ տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին եւ այդ 25 տարիներուն ընթացքին ձեռք բերուած հայագիտական կարգ մը նուաճումներուն:

 

Նախորդը

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկին Եւ Համազգայինի Կազմակերպութեամբ. Հայկական Ինքնութեան Մասին Միջազգային Գիտաժողով` Պոլսոյ Մէջ

Յաջորդը

Մոնրէալի Մէջ. «Մեր Ինքնութիւնը Խաթարող Վտանգներուն Դիմաց Մենք Պիտի Մնանք Կառչած Մեր Գոյութեան Երեք Ամրոցներուն` Եկեղեցի, Ընտանիք Եւ Դպրոց» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.