Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 6, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի կոչ ուղղեց Պքերքէի մէջ սրտերու լուացում կատարելու մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց նախարարաց խորհուրդի արտակարգ նիստ մը գումարելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծումը Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ նախագահական թափուր աթոռին պատասխանատուն Հըզպալլան է:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող կենսոլորտային իրավիճակը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ հաւատադրժողական ծրագիրին ձախողութիւնը կը պահպանէ Լիբանանը:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ ահաբեկչութեան իրերայաջորդ ալիքները կը սպառնան բոլոր ընկերութիւններուն եւ պետութիւններուն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն իմացած է, որ Հարիրիի առաջադրած` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նախաձեռնութիւնը կարելի չէ մերժել, հակառակ անոր որ ինք լաւատես չէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ տակաւին կը մնայ իրենց թեկնածուն, այնքան ատեն որ Մուսթաքպալի կողմէ այլ թեկնածուի մը զօրակցելու իմաստով պաշտօնական կեցուածք չէ յայտարարուած:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յանձնառու է նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը Արեւելեան Սայտայի Այն Տըլըպ շրջանին մէջ ձերբակալեց 7 սուրիացիներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ հաստատեց, որ Հըզպալլա կը խոչընդոտէ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութեան մը գոյացումը կարելի է: Ըստ նոյն աղբիւրին, այդ օրէնքը կ՛ընդգրկէ նաեւ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու հաւանականութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ կարելի չէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը փաթեթային առաջարկով եւ նախապայմաններով սահմանափակել` աւելցնելով, որ այդ իմաստով սկսած խորհրդակցութիւնները պէտք է շարունակել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Տոհայի համաձայնագիրէն ի վեր ցարդ արձանագրուածը հակասահմանադրական ընթացք մըն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չի փափաքիր համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրել նախագահ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն մօտիկ ապագային Հասպանիի մէջ աղբի տեսակաւորման նոր գործարան մը հաստատելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններուն 80 առ հարիւրը կը մերժեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար զիջիլ Լիթանիի նման բնական հարստութենէ մը` աւելցնելով, որ Լիթանիի ապականումը ազգային հիմնախնդիր է, իսկ այս հարցին լուծումը` անհրաժեշտութիւն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցած նախագահական ընտրութեան փաթեթային առաջարկին առումով Հըզպալլա միջամտած է եւ կրցած վերջ մը դնել Պըրրիի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ լարուածութեան:

Նախորդը

«Սուրիոյ Տագնապը Կարելի Չէ Լուծել Առանց Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Համաձայնութեան» Ըսաւ Շեֆըր

Յաջորդը

«Առանց Դիմադրութեան Կարելի Պիտի Չըլլար Հաւատադրժողական Զինեալները Լիբանանէն Հեռացնել» Շեշտեց Շէյխ Նայիմ Քասեմ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.