Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Նախագահ Ընտրուելու Պարագային Երուսաղէմը Պիտի Ճանչնայ Իբրեւ Իսրայէլի «Անմասնատելի» Մայրաքաղաք

September 27, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

jerusalem_92616

«Կազեթա.ռու» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի նախընտրական կայքը կը հաղորդէ, որ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ նախագահ ընտրուելու պարագային Երուսաղէմը պիտի ճանչնայ իբրեւ Իսրայէլի «անմասնատելի» մայրաքաղաքը:

«Պարոն Թրամփը ընդունած է, որ Երուսաղէմը երեք հազարամեակներէ աւելի եղած է հրեայ ժողովուրդի մայրաքաղաքը եւ որ Միացեալ Նահանգները` Թրամփի իշխանութեան գալուն պարագային, վերջապէս պիտի ընդունին նախապէս Քոնկրեսին կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի «անմասնատելի» մայրաքաղաք ճանչնալու վերաբերեալ որոշումը», կ՛ըսուի կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ բացի ատկէ, Թրամփը եւ Նեթանիահուն Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած են 2 երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ներառեալ նաեւ Իսրայէլի զինուորական հզօրութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն խոստացած է արգելակել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իսրայէլի դէմ որեւէ «մագլցողական քայլ»:

Ան նաեւ խոստացած է ընդդիմանալ որեւէ քայլի, որ կ՛առնուի պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը լուծելու` առանց պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու:

Քլինթըն հանդիպումի մը ընթացքին նշած է, որ հզօր ու անվտանգ Իսրայէլ մը Միացեալ Նահանգներու համար կը նկատուի դրական բան մը` աւելցնելով, որ Թել Աւիւ եւ Ուաշինկթըն հասարակաց շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ ունին:

Քլինթըն գոված է երկու երկիրներուն միջեւ 38 միլիառ տոլարի հասնող եւ 10 տարուան վրայ երկարող զինուորական օժանդակութիւններու շուրջ համաձայնութիւնը:

Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամը 4:00-ին նախատեսուած էր Քլինթըն-Թրամփ պատկերասփռուած առաջին բանավէճը:

 

 

 

Նախորդը

Հիուսթընի Մէջ. Առեւտրական Համալիրի Մը Մէջ Հրացանաձգութիւն

Յաջորդը

Իրանեան Օդանաւեր Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Գործողութիւններ Կատարած Են

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.