Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սեպտեմբեր Դ.-

September 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախ Հայրենիքը Հզօրացման Երաշխիք

kantsasar_khemp

25 տարի առաջ Հայաստանի վերանկախացումով հայ ժողովուրդը իր ինքնորոշման իրաւունքին վերատիրացաւ ու ազգային արժէքներու վերականգնումի նոր հանգրուան մը թեւակոխեց` ձերբազատելով ազգային դիմագիծի պահպանումն ու պետականութեան անկախ զարգացումը կաշկանդող, իր ժողովուրդի միացումն ու անոր համահայկական ներուժի օգտագործումը արգելափակող բոլոր կապանքներէն:

Հայաստանի անկախացումով մեր պետականութիւնը քայլ առ քայլ զարգանալ սկսաւ ու միջազգային ընտանիքին մէջ իր պատուաբեր տեղը գրաւեց` իր դերն ու խօսքը ունենալով միջազգային իրադարձութիւններուն մէջ, պաշտպանելով մեր ազգային շահերն ու այդ շահերէն մեկնած` ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելով:

Հայաստանի անկախ երթին միացաւ Արցախը եւ երկու պետութիւններու հզօրացման առանցքին շուրջ համախմբուեցաւ համայն հայութիւնը` իր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելով անկախ զոյգ հայրենիքներու կայացման ու իր իսկ գոյութիւնը ամրագրելով անոնց գոյութեամբ:

Հայոց բանակի կազմութիւնն ու անցնող 25 տարիներու ընթացքին մեր սահմանները անսասան պահելու, թշնամիին թափանցման փորձերը ետ մղելու սխրանքը մեր երկրի պաշտպանական  համակարգի ամրապնդումը հաստատեցին:

Հայաստանի անկախացումով նոր դիմագիծ ու որակ ստացան սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները: Սփիւռքի նախարարութեան կազմութիւնն ու բազմաբնոյթ ծրագիրներու ընդմէջէն սփիւռքի երիտասարդ տարրը դէպի հայրենիք ուղղելու, անոր հայրենի իրականութեան ծանօթացնելու եւ գործակցութեան նոր եզրեր ստեղծելու աշխատանքները նպաստեցին, որ սփիւռքահայութիւնը, յատկապէս` անոր երիտասարդ տարրը, իրազեկ դառնայ հայրենի կեանքի տարբեր ոլորտներուն, դիմակալէ հայապահպանման մարտահրաւէրը:

Անկախութենէն 25 տարի ետք սփիւռքը առաւել մեծ ներդրումներ կատարելու կամքով, միաժամանակ սպասումներով կը նայի հայրենիքին` զայն համարելով իր վերջին հանգրուանը: Անկախ հայրենիքի պետութիւնը առանցքն է մեր գոյութեան, հիմքը` սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու հզօրացման, որովհետեւ սփիւռքի ժամանակաւոր իրողութիւն ըլլալու համոզումը տարուէ տարի կը շեշտուի, յատկապէս` տարածաշրջանի կարգ մը երկիրներու պատերազմական իրավիճակի լոյսին տակ:

Բնականաբար 25 տարուան կեանք ունեցող երիտասարդ մեր հայրենիքը տակաւին քայլեր ունի նուաճելու` դառնալու տնտեսապէս աւելի հզօ՛ր եւ ազդեցի՛կ ուժ, ձերբազատելու  շահամոլ ու եսակեդրոն տարրերէ:

Վերջին շրջանին պետութեան կողմէ հայրենի ընդհանուր համակարգի բարելաւման առաջադրանքով եղած դրսեւորումները յոյս կը ներշնչեն: Սահմանադրական փոփոխութիւններուն ընդառաջելու պետութեան քայլը, հայաստանեան հասարակութենէն ներս ժողովրդավարական օրէնքներու ամրապնդումը, կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած քատրային փոփոխութիւնները սոյն համակարգի բարելաւման միտումները կը շեշտադրեն:

Այո՛ փոփոխութիւնները սխալներու սրբագրման միտող դրական քայլեր են, որոնց արդիւնքներուն մասին անաչառօրէն կարելի է խօսիլ ամիսներ ետք միայն:

Հայաստանի անկախութիւնը մեր ազգային տեսլականի իրականացած մէկ հանգրուանն է: Մեր լուսաճաճանչ յաղթանակը, որ միաժամանակ սփիւռքի մէջ հայ մնալու մեր հիմնական երաշխիքն է: Ձեռքբերում մը, որ մեզ կը դնէ Հայաստանի պետականութիւնը հաւաքական աշխատանքներով հզօրացնելու յանձնառութեան առջեւ:

Այո՛, գոյութիւն ունին դժուարութիւններ, որոնք կարելի չէ հերքել, սակայն մեր ժողովուրդը հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ ներգործօն դերակատարութիւն ունենալով հայրենի մեր պետականութեան աստիճանական հզօրացման գործընթացին մէջ` ունի բոլոր տուեալները միասնական հզօր ուժի վերածուելու ու այդ ուժը մեր հայրենիքի հզօրացման ծառայեցնելու:

Մերթ ընդ մերթ մեզ յուսահատեցնելու, մեր արժէքները թերագնահատելու, մեր յաղթանակներով հպարտանալու փոխարէն մեզ անճրկելու նենգ փորձերը վանելով, մեր մեծագոյն ձեռքբերումը, մեր անկախ պետականութիւնը հզօրացնելու պարտաւորութիւնը միշտ գերխնդիր համարելով` համախմբուինք Հայաստանի 25-ամեայ անկախ պետականութեան շուրջ: Սփիւռքի եւ հայրենիքի մեր բոլոր հնարաւորութիւնները լաւագոյնս օգտագործելով, մեր պատկերացումները գործի վերածելով` մեր հայրենիքը կրնանք դարձնել աւելի հզօ՛ր եւ հասարակարգը` աւելի արդա՛ր:

Իսկ մեր երիտասարդ սերունդներուն ներուժը ուղղելով հայրենիքի հզօրացման` կը հաւատանք, որ կրնանք ստեղծել այնպիսի Հայաստան մը, որ տարածաշրջանին մէջ փոքր, բայց մարդկային ու ճարտարագիտական իր հարստութիւններով հարուստ, ազգային իր քաղաքականութեամբ ազդեցիկ ներկայութիւն կրնայ դառնալ` իր երդիքին տակ համախմբելով ողջ հայութիւնը: Այսօր սուրիահայութեան ներկայութիւնը անկախ Հայաստանի մէջ, անոր աստիճանական համարկումը հայաստանեան միջավայրին մէջ, ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հանգրուանային կայացումը Հայաստանի թէ Արցախի մէջ, մի՞թէ չեն վկայեր հայոց պետականութեան մեր գոյատեւման հիմնական առանցքը ըլլալու իրողութեան մասին: Տակաւին, սուրիահայերու ներգրաւումը առաւել մեծ բնոյթ կրնար ստանալ, եթէ անոնց աշխատանքային ունակութիւններն ու հնարաւորութիւնները լաւագոյնս օգտագործուէին ու ի սպաս դրուէին Հայաստանին:

Անկախ ու յաղթական Արցախը մի՞թէ չի վկայեր մեր փոքր, բայց, ի հեճուկս նենգ թշնամիներու, ինքնուրոյն իր ճակատագիրը սեփական նկրտումներով կերտելու ընդունակ ժողովուրդ մը ըլլալու իրականութեան մասին: Տակաւին, Արցախի վերաբնակեցումը առաւել արդիւնաւէտ կը դառնար, եթէ հարիւրաւոր գաղթականներ Սուրիայէն թէ Իրաքէն փորձէին հաստատուիլ Արցախի մէջ (թէեւ որոշ թիւով սուրիահայեր հաստատուած են այնտեղ):

Հպարտանանք մեր յաղթանակներով, հաւատանք մեր ուժերուն ու հաւատքով նուիրուինք հայոց պետականութեան հզօրացման կոչուած բոլոր աշխատանքներուն:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (26 Սեպտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Ճանաչողական Բացառիկ Ճամբորդութիւն Դէպի Իրան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.