Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Մեր Նպատակը Արդար Հանրապետութեան Մը Կերտումն Է

September 21, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

mhm0107945-copy

Կ՛ուզեմ շնորհաւորել համայն հայութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 25-ամեակին առիթով: 25 տարիէ ի վեր ունինք անկախ հանրապետութիւն մը, որ իր անկախութեան առաջին իսկ օրերէն դէմ յանդիման կը գտնուի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական դաժան մարտահրաւէրներու:

Սկսելով քաղաքական մարտահրաւէրներէն` մեր նորանկախ հանրապետութիւնը իր 25-ամեայ երթին ընթացքին միշտ դժուարութիւններու բախեցաւ  պետութիւնը ժողովրդավարացնելու եւ քաղաքացիական իրաւունքներն ու ազատութիւնները ընդլայնելու առումով: Համայնավար կուսակցութեան քաղաքական մենաշնորհին փոխարինեցին սակաւապետները, կղերականները եւ մաֆիաները: Ասոնք ոտնակոխեցին «քաղաքացի» հասկացողութիւնը, կողոպտեցին մեր հայրենիքը եւ ստալինեան փլատակներու վրայ կերտեցին նոր ստալիններ:

Յիշեալ եռեակը` դաշինք կազմած, կը հալածէ իր ընդդիմադիրները եւ անհոգ է աղքատութեան, գործազրկութեան, արտագաղթի եւ մարդու իրաւունքներու ցած վիճակի ահռելի երեւոյթներէն: Այդ ահռելի երեւոյթները վերջ կը գտնեն այն ժամանակ միայն, երբ Հայաստանի մէջ կը տիրէ ժողովրդավարութիւն, երբ բոլորին կարծիքները յարգուած կ՛ըլլան, երբ բոլորին իրաւունքները օրինաւոր կ’ըլլան, երբ մարդ էակը կ’արժեւորուի իբրեւ մարդ էակ եւ ոչ թէ իբրեւ շահագործման գործիք, երբ  կրօնն ու պետութիւնը անջատուած կ՛ըլլան, որպէսզի կղերականը զբաղի միայն ու միայն եկեղեցական հարցերով եւ մարդ անհատը իրաւունք ունենայ կրօնի ազատ որոշման իրաւունքին:

Գանք ընկերային-տնտեսական տագնապին. տագնապ մը, որ ծնունդ առաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս ետք. տագնապ մը, որ սկսաւ սեփականաշնորհումով եւ կեանքի բոլոր բարիքներուն շուկայացումով` ըստ նոր-ազատականութեան հիմքերուն: Կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, մարդու արժանապատւութիւնը դարձան շուկայական անարդար մրցակցութեան առարկաներ, փոքր քաղաքներն ու գիւղերը անտեսուեցան, ընկերային անհաւասարութիւնն ու անարդարութիւնը ծաւալեցաւ:

Հարց կը տրուի, թէ կրնա՞նք այս ամէնը փոխել. շատերը, յուսահատ, անգիտակցաբար պիտի պատասխանեն` ո՛չ: Իսկ մենք, զինուած` ընկերային արդարութեան, համերաշխութեան եւ ժողովրդավարութեան գաղափարներով, պիտի պատասխանենք` այո՛: Կ’ուզենք հանրապետութիւն մը, ուր պետութիւնը կը հսկէ շուկայի ամբողջ գործունէութիւնը, ուր երկրին մէջ կը հաստատուի հարկային արդար համակարգ, ուր կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը կ՛անցնին հանրային սեփականատիրութեան ձեռքը, ուր գիւղերուն մէջ կը հիմնուին համագործակցականներ:

Մեր պայքարը արդար Հայաստանի մը համար է, ուր կը տիրէ բարեկեցութիւն, ժողովրդավար Հայաստանի մը համար է, ուր կարգ ու կանոն կայ, հաւասար Հայաստանի մը համար է, ուր բոլորն ալ հաւասար կ’ըլլան իրաւունքի եւ պատասխանատուութեան առջեւ: Եզրափակելով, մեր նպատակը արդար հանրապետութեան մը կերտումն է բառին բուն ու խոր իմաստով:

 

 

 

 

Նախորդը

Յունահայութիւնը Հանդիսաւորապէս Տօնակատարեց Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25-Ամեակը

Յաջորդը

Պահե՛լ Հարիսայի «Աւանդ»-ը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.