Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

September 30, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ 19 եւ 20 սեպտեմբեր 2011-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Սփիւռքի կազմակերպութիւնների ղեկավարների եւ ներկայացուցիչների համահայկական համաժողով»ի բացման պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Մարօ Ֆրունճեան եւս հանդէս եկաւ խօսքով մը` ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով: Ստորեւ կը հրատարակենք Մ. Ֆրունճեանի խօսքը:

Հայ օգնութեան միութեան 27 երկիրներու մէջ գործող միաւորներու եւ աւելի քան 15 հազար անդամներու անունով կ՛ողջունեմ այս համաժողովը եւ անոր բոլոր մասնակիցները: Յատուկ շնորհակալութիւն սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարարին` այս նախաձեռնութեան համար: Այս առիթով կը վերյիշեմ 1998 մայիսին ՀՕՄ-ի կողմէ կազմակերպուած «Հայաստանը եւ սփիւռքը 21-րդ դարու սեմին» գիտաժողովը, որ նախաքայլը հանդիսացաւ յաջորդ տարի գումարուած Հայաստան-սփիւռք առաջին խորհրդաժողովին: Այս մէկը կը նշեմ արձանագրելու համար այն կարեւորութիւնը, որ ՀՕՄ-ը կ՛ընծայէ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գործակցութեան, որուն մէջ կը կայանայ մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի եւ ամբողջական հայրենիքի դիմագրաւած դժուարութիւններէն շատերու լուծման բանալին:

Եթէ քանի մը տասնամեակ առաջ հայրենիք-սփիւռք գործակցութիւնը ցնորք էր` խորհրդային կարգերուն պատճառով, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ անկախութենէն անմիջապէս ետք զգացական ու բնազդային պահանջի մը վերածուեցաւ անիկա, որ պարտէր անցնիլ փոխադարձ ճանաչողութեան եւ ուսումնասիրութիւններու հանգրուանէն: Սակայն այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան քսանամեակի նախօրեակին, այդ գործակցութիւնը պարտի դառնալ լրջօրէն մտածուած ու հեռահաս նպատակներով ծրագիր, որ իր տեղը գրաւէ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան պետական հայեցակարգին մէջ:

Անժխտելի իրականութիւն է, որ սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան մեծամասնութիւնը Հայաստանին կը մօտենայ զգացականօրէն: Անժխտելի իրականութիւն է նաեւ, որ Հայաստանի պետական օղակներն ու ժողովրդային զանգուածները տակաւին սփիւռքի ամբողջական ճանաչողութիւն ձեռք չեն բերած: Այս բոլորին արդիւնքն է Հայաստան-սփիւռք ռազմավարական գործակցութեան լայնածիր ծրագրի բացակայութիւնը այսօր: Բարեբախտաբար այդօրինակ ծրագրի առանձին մասեր յաջողութեամբ կը գործեն արդէն, սակայն` իրարմէ անջատ ու անկախ:

Մեր ակնկալութիւնն է, որ այսօրինակ հանդիպումները, բոլորի՛ն մասնակցութեամբ, հայկական պետութիւններ, սփիւռքեան եւ հայրենի կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ, շարունակական, սակայն գործնապաշտ քննարկումներով, առանց ուշացումի հիմքերը հաստատեն Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան այնպիսի հայեցակարգի, որուն մէջ իրենց տեղը, դերն ու պարտաւորութիւնը գտնեն ամէն մէկ հայ եւ իւրաքանչիւր հայկական կազմակերպութիւն, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուին անոնք, առանց որեւէ տեսակի սահմանափակումի: Գործակցութիւն, որ թէ՛ բարոյական, թէ՛ նիւթական տեսակէտէ գործնապէս նպաստէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու բարգաւաճման ու զարգացման, Ջաւախքի հայութեան մարդկային ու ազգային իրաւունքներու պահպանման ու անոր համար կեանքի արժանավայել պայմաններու ապահովման, Արեւմտահայաստանի մէջ թաքուն հայութեան ինքնագիտակցութեան բարձրացման եւ աշխարհատարած սփիւռքահայութեան մէջ հայապահպանման ճիգերու յաւելեալ արդիւնաւորման:

ՀՕՄ-ը իր հարիւրամեակը նշեց անցնող տարի: Կնոջական հայկական հնագոյն մեր կազմակերպութիւնը 101 տարեկան է արդէն: Այդ տարիներէն մենք կրցած ենք քաղել փորձառութիւն` մնալով մի՛շտ կայտառ ու աշխուժ: Ծնունդ առած ենք արտերկրի մէջ եւ մեր ամբողջ էութեամբ ծառայած` ամբողջ հայութեան: Այսօր կը պատրաստուինք մեր Համահայկական 70-րդ պատգամաւորական ժողովին, ուր ներկայ պիտի ըլլան թէ՛ սփիւռքահայ համայնքներու, թէ՛ հայրենի տարածքներու ներկայացուցիչները: Այնտեղ հպարտութեամբ պիտի զեկուցենք, որ անցնող երեք տարիներուն ՀՕՄ-ը աւելի քան տասը միլիոն տոլարի ներդրում ունեցած է հայ կեանքին մէջ` կրթական, առողջապահական, խնամատարական, ընկերային, մշակութային եւ երիտասարդական մարզերէն ներս` «Ժողովուրդէս, ժողովուրդիս» նշանաբանով: Այս համաժողովէն կը փափաքինք դուրս գալ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ռազմավարական հայեցակարգի ուրուագծով մը, որ տանինք մեր այդ նո՛յն ժողովին եւ  անոր հետ համադրենք յառաջիկայ եռամեակին աշխարհասփիւռ մեր միաւորներու սփիւռքահայութեան, Հայաստանի, Արցախի թէ Ջաւախքի մէջ մեր կատարելիք ներդրումը:

Հայաստանը շրջափակուած երկիր է, եւ այդ շրջափակման վտանգը դամոկլեան սուրի նման կախուած պիտի մնայ մեր հայրենիքի գլխուն: Այդ շրջափակումը դասական ձեւերով կարելի չէ կտրել. հայկական սփիւռքն է այդ շրջափակումը քանդելու միջոցը:

Իսկ սփիւռքը, առանց Հայաստանի, յատկապէս 21-րդ դարու պայմաններուն մէջ, գոյատեւման խնդիր ունի, որ չի կրնար լուծել առանց հայրենիքին:

Մեր ժողովուրդի երկու թեւերուն ծրագրուած ու ամբողջական գործակցութեան մէջ է մեր գոյատեւման բանալին: ՀՕՄ-ը պատրաստ է, ինչպէս միշտ, իր ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնելու այս մարզին մէջ եւս:

Յաջողութիւն` մեր բոլորի՛ն աշխատանքներուն:

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ. ՊԱՔՈՒ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ԲՌՆՈՒԱԾ Է ԻՐԱՆԵԱՆ ԱՆԱԽՈՐԺՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Յաջորդը

«ԴՈՒՔ ԱԼ ՄԵԶ ՆՄԱՆ ԷՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄՆԱ՛Ք ՀԱՅ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.