Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ. ՊԱՔՈՒ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ԲՌՆՈՒԱԾ Է ԻՐԱՆԵԱՆ ԱՆԱԽՈՐԺՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

September 30, 2011
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԷԼՏԱՐ ՄԱՄԵՏՈՎ

Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը սկսած է սրիլ, եւ Պաքուի մէջ քաղաքական գործիչները ճկուն եւ արագաշարժ պէտք է ըլլան դիմակալելու համար Թեհրանէն եկող դիւանագիտական մարտահրաւէրները:

Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները 2011 թուականին մեծ մասամբ փշոտ էին: Բայց այդ յարաբերութիւնները ճակատումի շրջադարձ մը կատարեցին օգոստոսի սկիզբը, երբ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները հակակառավարական գործունէութեան համար դատական հետապնդումի ենթարկեցին Մովսում Սամետովը, որ ղեկավարն է բացայայտօրէն իրանամէտ Ազրպէյճանի իրանեան իսլամական (ԻՓԱ) կուսակցութեան:

Այնուհետեւ, շուտով, զօրավար Հասան Ֆիրուզապատի իրանեան բանակի սպայակոյտին պետը, որոշ սպառնական դիտողութիւններ ըրաւ Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմին դէմ:

«Եթէ այսպիսի (հակաիրանեան) քաղաքականութիւն շարունակուի, Ալիեւի կը սպառնայ մռայլ ապագայ մը: Անկարելի պիտի ըլլայ ճնշել Արան (ազրպէյճանցի) ժողովուրդին ապստամբութիւնը», ըսաւ Ֆիրուզապատի` Մեհր լրատու գործակալութեան:

Ֆիրուզապատիի նկատողութիւնները Պաքուի վերլուծաբանները մեկնաբանեցին հիմնականին մէջ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ Ազրպէյճանի ամուր յարաբերութեանց նկատմամբ Իրանի վրդովմունքի արտայայտութիւն:

Ազրպէյճանցի պաշտօնատարները յայտարարեցին, որ զիրենք ոչ մէկ ձեւով վախցուցած է Ֆիրուզապատիի լռելեայն սպառնալիքը, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ անոնք կ՛անտեսեն զայն: Բազմաթիւ դէտեր կը հաւատան, որ Թեհրան կը փորձէ հակաարեւմտեան եւ հակաիսրայէլեան կիրքեր հրահրել ազրպէյճանցի հաւատացեալներու մէջ: Ազրպէյճանցի մեկնաբանները կ՛ըսեն, որ Իրան մեկուսացած եւ շրջապատուած կը զգայ, եւ իբրեւ այդպիսին` կրնայ մտրակել, խարազանել դրացի մը, որ կ՛ենթադրուի, թէ կ՛օգնէ Թեհրանի թշնամիներուն:

Ազրպէյճան իր արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի չփոխէ Իսլամական Հանրապետութիւնը գոհացնելու, անոր հաճոյք պատճառելու համար: Բայց Պաքուի համար խոհեմ կ՛ըլլար Թեհրանի հետ չզբաղելու «դիւանագիտական ակն ընդ ական»ով:

Փոխարէնը` արդար դատավարութիւն մը պէտք է ըլլայ Սամետովի եւ անոր «մեղսակիցներ»ուն համար, որոնք ձերբակալուած են «Ազրպէյճանի դէմ թշնամական գործունէութեան» յանցանքին համար:

Պաքուի քաղաքական փորձագէտները իշխանութիւններուն դիտել կու տան, որ ասիկա ամբաստանեալներուն պիտի զլանայ նահատակի հանգամանքը եւ լոյս պիտի սփռէ ԻՓԱ-ի հետ Իրանի առնչութեան չափին եւ բնոյթին վրայ:

Աւելի խոր մակարդակի վրայ, Ազրպէյճան նախազգուշական միջոցներ պէտք է որդեգրէ, որպէսզի նուազագոյնի հասցնէ իր խոցելի կողմերը, որոնք կրնան օգտագործուիլ զինք ներքնապէս տկարացնելու համար, կը շարունակեն նոյն շրջանակները` տալով հետեւեալ օրինակները.

Աւելի համապարփակ, ընդգրկուն ազգային-կառուցման հոլովոյթ մը կրնայ օգնել` դարմանելու բազմաթիւ հարցեր: Այսպէս,  ներկայիս թրքական ինքնութեան վրայ Պաքուի ծանր շեշտադրումը Ազրպէյճանի ոչ թուրք փոքրամասնութիւնները, ներառեալ` պարսկախօս թաթերը եւ թալիշները, օտարելու ներուժը ունի, դիտել կու տան փորձագէտները:

Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու կողմէ անարդար նկատուած դատավարութեամբ մը Իրանի հաշուոյն լրտեսելու յանցանքով մեղադրուած տարեց թալիշ գրող Նովրուզալի Մամետովի մահանալը բանտին մէջ, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն համար պէտք է ծառայէ իբրեւ զարթնումի կանչ, ահազանգ:

Եթէ անոնք շարունակեն թալիշ ազգային արտայայտութեան հետ վերաբերիլ իբրեւ իրանեան զօրակցութիւն վայելող անջատողականութիւն, ատիկա ի վերջոյ կրնայ վերածուիլ ինքնակատարման մարգարէութեան: Բացի փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հարցէն, հանրային սպասարկութիւններու մէջ թերութիւնները, ինչպէս նաեւ լայնատարած  պաշտօնական փտածութիւնը լուրջ խնդիրներ են: Երկու մարզերուն մէջ ալ բարեփոխումները կրնան Պաքուին օգնել, որպէսզի պաշտպանուի Ազրպէյճանի հարցերուն Թեհրանի հաւանական միջամտութեան փորձերէն:

Կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ այլ ոլորտի մը, որ Թեհրանին լծակներ կրնայ տալ. Ազրպէյճանի հարաւային շրջաններու շատ բնակիչներ ներկայիս բուժումի համար Իրան կը մեկնին, որովհետեւ իրենց շրջաններուն մէջ վիրաբուժական գործողութեանց համար կաշառք տալու բաւարար դրամ չունին:

Բացի ատկէ, Ազրպէյճանի մէջ շիի համայնքներու հանդէպ ամուր, բայց նուրբ քաղաքականութիւնը կրնայ Իրանը զրկել միջամուխ ըլլալէ կրօնական գետնի վրայ:

Ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու նեղ շեշտադրումը ուժային կառոյցներու միջոցառումներու վրայ, պահպանողական հաւատացեալներու հետ վարուելու առնչութեամբ (յատկանշուած հիճապի գործածութեան արգելքով), կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ:

Օգտուելով Ազրպէյճանի կառավարութեան բիրտ վերաբերումէն` իրանեան քարոզչութիւնը հաւաստի կը դառնայ եւ քաշողական` բազմաթիւ ազրպէյճանցիներու համար:

Իսլամական Հանրապետութիւնը օր մը կրնայ մեկնիլ, բայց Իրան ազդեցիկ դրացի մը պիտի մնայ Ազրպէյճանի: Պաքու, որպէսզի երկկողմանի առողջ յարաբերութիւններ դարբնէ իր դրացիին հետ, պէտք է զարգացնէ խոր հասկացողութիւն մը, պատկերացում մը` իրանեան հանրութեան, ընկերութեան բազմաթիւ ստուերներուն եւ նրբերանգներուն վերաբերեալ, կը յորդորեն ազրպէյճանցի փորձագէտները Պաքուի իշխանութիւններուն:

Ցարդ ազրպէյճանական միակ խումբերը, որոնք Իրանով հետաքրքրուած են, ազգայնականներն են, որոնք «Հարաւային Ազրպէյճանի հետ վերամիացում» կ՛ուզեն, կամ ալ` իսլամականները, որոնք կ՛ուզեն իրանեան դրութիւնը, համակարգը Ազրպէյճան ներածել:

Գրեթէ ամբողջովին կը բացակայի հաղորդակցութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան, արուեստներու, երաժշտութեան կամ գրական ընկերակցութիւններու մակարդակին վրայ, բացի եթէ այդ  մարզերը պայմանաւորուած ըլլան գաղափարախօսական օրակարգով:

Տարամէտ ռազմավարական շահերը, աշխարհիկ-կրօնական լարուածութիւնը եւ փոքրամասնութիւններու անլոյծ հարցերը` երկու երկիրներու մէջ, Իրանն ու Ազրպէյճանը մօտիկ ապագային պիտի մղեն դէպի հակադիր ուղղութիւններ:

Ազրպէյճանի համար մարտահրաւէրը հետեւեալն է. խուսափիլ իր հարաւային հզօր դրացիին հետ բախումէ` միաժամանակ պահպանելով երկրին ընդհանուր առմամբ արեւմտամէտ կողմնորոշումը եւ իր աշխարհիկ համակարգը:

Ազրպէյճանցի փորձագէտները կ՛ըսեն, որ իրենց երկրի դիւանագէտները պէտք է հմուտ եւ նրբանկատ ըլլան, որպէսզի կարենան հակակշիռի տակ պահել իրանեան գործօնը, այլապէս երկկողմանի յարաբերութիւնները կրնան վատանալ` նախքան անոնց բարելաւումը:

«Եուրէյժիանէթ»

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ` ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԽԱՂԱԴԱՇՏՈՒՄ

Յաջորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ

November 18, 2026
Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը
Պատմական

Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը

November 11, 2026
Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը
Պատմական

Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.