Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանի Մէջ. Մերքել-Էրտողան «Շինիչ Զրոյց»

September 6, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

merkel-erdogan_90516

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Չինաստանի Հանկզու քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ ունեցան դէմ առ դէմ հանդիպում մը: Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերը յայտնեց. «Զրոյցը շինիչ էր»:

Մերքել հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ գերմանացի երեսփոխաններու Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ գերմանացի զինուորներուն այցելութեան վէճին վերաբերեալ դրական լուրի մը յոյսը ունի: «Կը հաւատամ, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն դրական լուր մը պիտի ստանանք», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Անգարա գերմանացի օրէնսդիրներու Ինճիրլիք այցելութիւնը արտօնելու համար կը պահանջէ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ինքզինք հեռացնէ Պունտեսթակի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու կառավարութեան բանբերը անջատ յայտարարութիւններով նշեցին, որ նշեալ բանաձեւը «պարտադիր բնոյթ չունի»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շաբաթ օր յայտնեց, որ Անգարա բաւարարուած է նշեալ յայտարարութիւններէն:

«Հարցը, որ պատմականօրէն ու մարդասիրականօրէն շատ նուրբ է, չի կրնար խորհրդարաններու քաղաքական գնահատականին եւ քաղաքագէտներու արդարադատութեան ձգուիլ: Գերմանիոյ կառավարութիւնը 2 սեպտեմբերի յայտարարութեամբ ըսաւ, որ այս հարցը իրաւաբանական նիւթ է, ճիշդ ինչպէս մենք մնայուն կերպով ըսած ենք», նշեց Չաւուշօղլու:

Մերքել նաեւ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ համար կը տեսնէ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մուտքի արտօնագրի ազատականացման հարցին շուրջ տարակարծութիւններու լուծման առիթ մը, սակայն աւելցուց, որ համաձայնութեան մը գոյացումը կրնայ տակաւին քանի մը շաբաթներու կարօտիլ:

 

Նախորդը

Փութին Եւ Մերքել Քննարկած Են Սուրիոյ Եւ Ուքրանիոյ Կացութիւնները

Յաջորդը

Բրիտանիա 2011-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Իրանի Մէջ Նշանակեց Դեսպան Մը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.