Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը Աւարտեցաւ

September 3, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց տարեկան սիւնհոդոսը, որ սկիզբ առած էր 25 օգոստոս 2016-ին, պաշտօնապէս փակուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին, Զմմառու վանքին մէջ` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս  Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ թեմերու եպիսկոպոսներուն եւ վիճակաւորներուն:

Հրապարակուած հաղորդագրութեամբ նշուած էր, թէ ժողովները մեծ մասամբ ընդգրկած են ներկայ պայմաններուն մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Յատուկ ուշադրութիւն տրուած է ապագայ կղերին պատրաստութեան համար կատարուելիք աշխատանքին` հոգեւոր թէ ազգային կազմաւորման ծիրին մէջ:

Հետապնդելով «Ողորմութեան տարուան» ծիրին մէջ եկեղեցւոյ առաջադրած «Նոր աւետարանում»-ի առաքելութիւնը` անհրաժեշտ նկատուած է առաջ տանիլ համագործակցութիւնը կղերական ու աշխարհական դասերու միջեւ, խորացնելու համար քրիստոնէական հաւատքի ճշգրիտ ըմբռնումն ու ապրումը 21-րդ դարուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Սիւնհոդոսական հայրերը գոհունակութեամբ նշած են մօտալուտ լոյս ընծայումը կարգ մը հոգեշահ հրատարակութիւններու: Նախատեսուած է նաեւ պատրաստութիւնը Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան:  Շեշտուած է նաեւ անհրաժեշտութիւնը առաւելագոյն կերպով օգտագործելու հաղորդակցութեան միջոցները, յատկապէս արդիական լսատեսողական միջոցները եւ մամուլը:

Ժողովական հայրերը քննարկած են նաեւ Ֆրանչիսկոս սրբազան պապին Հայաստան կատարած հովուական այցելութեան դրական արձագանգները:

Սիւնհոդոսական  հայրերը յայտարարած են, թէ իրազեկ ըլլալով Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքական անկայուն կացութեան, եւ բաժնելով այդ ժողովուրդներուն արդար մտահոգութիւնը ապագայի անորոշ վիճակին մասին, իրենց ձայնը կը միացնեն անոնց առողջ ու հայրենասէր տարրերու կոչին` օր առաջ քաղաքական հանրօգուտ ու մնայուն լուծում մը գտնելու անհանդուրժելի կացութեան:

Սիւնհոդոսական հայրերը ողջունելով հայ կաթողիկէ կղերն ու հաւատացեալները ի սփիւռս աշխարհի, կը հայցեն անոնց աղօթքները, որպէսզի ամենաբարին Աստուած բարեխօսութեամբ սուրբ Աստուածամօր` յաջողութեամբ պսակէ սիւնհոդոսական աշխատանքները:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Հաւաքածոյէն Պակսող Թիւեր Նկարահանուեցան Վիեննայի Մէջ

Յաջորդը

Արցախեան Ազատագրական Պայքարի Լիբանանահայ Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.