Ռուսիա իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 7-18 սեպտեմբերին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք ամառնային փարալիմփիք խաղերուն: Այս մասին երէկ յայտնեց միջազգային մամուլը:
Մարզական վճռաբեկ դատարանը («CAS») մերժեց Ռուսիոյ փարալիմփիք կոմիտէին խնդրանքը` ռուս մարզիկներուն մասնակցութեան վերաբերող:
Նշենք, որ նախապէս միջազգային փարալիմփիք կոմիտէն կախակայած էր ռուս մարզիկները` խթանիչ եւ արգիլեալ դեղերու (“WADA”) միջազգային գործակալութեան խնդրանքը մերժելով:
Ռուսիա թէեւ բողոք ներկայացուցած էր, սակայն կտրուկ կերպով մերժուած այդ բողոքը:


