Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինական Կողմը Հետաքրքրուած Է Հայ-Իրանական Երկաթուղիի Կառուցումով

August 24, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

China-82316

Չինական կողմը հետաքրքրուած է հայ-իրանական երկաթուղիի կառուցումով: Այս յայտարարութիւնը կատարած է Չինաստանի առեւտուրի փոխնախարար Ցեան Քեմինը` Հայաստանի երթեւեկի եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեանի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլուն, չինական «CCECC» կազմակերպութեան եւ «Սինոհիտրօ Քորփորէյշըն»-ի ներկայացուցիչներ:

Նախարար Գագիկ Բեգլարեան ընդգծած է, որ երթեւեկի եւ կապի մարզին մէջ հայ-չինական յարաբերութիւնները օրէ օր կը զարգանան: «Քանի մը տարի շարունակ չինական շարք մը կազմակերպութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանապարհաշինութեան մարզին մէջ կը փորձէին իրականացնել տարբեր ծրագիրներ եւ, վերջապէս, այս տարի ատիկա իրականացաւ: Մենք այսօր կ՛աշխատինք «Սինոհիտրօ Քորփորէյշըն»  ընկերութեան հետ, իսկ աւելի երկար տարիներ համագործակցած ենք նաեւ «CCECC» կազմակերպութեան հետ», յայտնած է Գ. Բեգլարեան:

Ց. Քեմին նոյնպէս կարեւոր նկատած է վերջին շրջանին երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ձեռքբերումները, յատկապէս երթեւեկի ենթակառուցուածքներու մարզին մէջ: Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է չինական «Սինոհիտրօ Քորփորէյշըն»-ի կողմէ «Հիւսիս-հարաւ» ճամբու միջանցքի կառուցման նախագիծը շահելուն` հաստատելով, որ չինական կողմը ժամանակին եւ որակեալ աշխատանք պիտի տանի` ակնկալելով հայկական կողմին մնայուն ու բազմակողմանի աջակցութիւնը:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Մետաքսի ճամբու վերականգնման կարեւորութեան եւ այն դերին, որ, իբրեւ երթեւեկային հանգոյց, ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրասիական շրջանին մէջ: Չինական կողմը նաեւ նշած է, որ հետաքրքրուած են հայ-իրանական երկաթուղիին կառուցումով:

Հանդիպման աւարտին Չինաստանի առեւտուրի փոխնախարարը պատրաստակամութիւն յայտնած է հետագային եւս շարունակելու համագործակցութիւնը ճանապարհաշինութեան մարզին մէջ: Նախարար Բեգլարեան վստահեցուցած է, որ հայկական կողմը եւս հետաքրքրուած է երկու երկիրներուն միջեւ երթեւեկի ենթակառոյցներու մարզին մէջ փոխշահաւէտ, արդիւնաւէտ եւ երկարատեւ համագործակցութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Ամերիկահայ Ռիչըրտ Յարթունեան Պիտի Ղեկավարէ Միացեալ Նահանգներու Գլխաւոր Դատախազի Խորհրդատուական Կոմիտէն

Յաջորդը

Փերմեաքովը Դատապարտուեցաւ Ցմահ Բանտարկութեան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.