Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մկրտչեան. «Ապրիլեան Դէպքերէն Ետք Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկուի Նաեւ Մասնագիտութիւններու Ցանկը»

August 20, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mkrtchian_81916

19 օգոստոսին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան հանդիպում ունեցած է նախնական եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններու տնօրէններուն հետ` իբրեւ վերամուտին նախորդող խորհրդակցական տեսակցութիւն: Նախարարը դիտել տուած է, որ քննարկումի առանցքները կը հանդիսանան ուսումնական հաստատութիւններուն դիմագրաւած խնդիրները եւ այն հարցերը, որոնց նկատմամբ պէտք է ուշադիր ըլլալ:

«Միջին մասնագիտական մասնագիտութիւններուն ցանկը պէտք է շատ կարեւոր գործառոյթ կատարէ, անիկա պէտք է կարողանայ մեր բնակչութեան կապը ապահովել աշխատաշուկային հետ: Ոլորտին մէջ մասնագիտութիւններու առումով  խնդիր կայ, քանի որ ուսանողները աւարտելէ ետք չեն կրնար աշխատանք գտնել, եւ քոլեճները յաճախ կը սկսին ծառայել դէպի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն անցումային փուլին եւ ոչ թէ առանձին մասնագիտական որակ կու տան», ըսած է նախարարը:

Միջին մասնագիտական կրթութեան ոլորտի հզօր խաղաքարտը, ըստ անոր, այն է, որ երիտասարդը, երկու տարի ուսանելով կը տիրապետէ  մասնագիտութեան, որուն միջոցով ալ աւելի ուշ կը կայանայ աշխատաշուկային մէջ:

Ըստ անոր, պէտք է կարենալ աշխատիլ նաեւ աշխատաշուկային հետ, հակառակ այն հանգամանքին, որ երկրի աշխատաշուկան ձեւաւորման բարդ հոլովոյթի մէջ է: Սակայն, նախարարին համաձայն, գոնէ այն մարզերուն մէջ, ուր աշխատաշուկան կայացած է, պարտաւոր ենք կապը հզօրացնել:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը շեշտած է, որ ապրիլեան դէպքերէն ետք պէտք է վերատեսութեան ենթարկել նաեւ մասնագիտութիւններուն ցանկը: «Այս ընթացքին հասկցանք, որ միջին մասնագիտական կրթութեան մէջ երկակի մասնագիտութիւնները շատ կարեւոր են, օրինակ` հրետանիի, քարշակ վարելու մասնագիտութիւնները: Երիտասարդները, որոնք  բանակ կը զօրակոչուին, պէտք է աւելի խորացուած մասնագիտական կրթութիւն ունենան, յատկապէս` սպառազինութեան հարցերուն տիրապետելու համար», ըսած է նախարարը:

 

 

Նախորդը

Դատարանը Որոշեց Դաւիթ Սանասարեանը Ազատ Արձակել` Երաշխագինով

Յաջորդը

Մանոյեան. «Արեւմուտքի Համար Հայաստանը Շատ Աւելի Վստահելի Ընկեր Կրնայ Ըլլալ, Քան Թուրքիան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.