Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուքպել Ներկայ Իրավիճակը Քննարկեց Վարչապետին, Բանակի Հրամանատարին Եւ Իրանի Դեսպանին Հետ

August 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_7374

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Մուքպել Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, ներկայութեամբ` բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Քամիլ Տահերի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ապահովական իրավիճակը, յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն կացութիւնը` Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ

բանակին կողմէ կատարուած խուզարկումներն ու ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:

Մուքպել դրուատեց բանակին դերակատարութիւնը եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին մէջ տոկալու իր յանձնառութիւնը: Ան շեշտեց, որ բանակին ընթացքը արժանացած է միջազգային ողջոյնի եւ դրուատիքի:

Նշենք, որ Մուքպել ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, ընկերակցութեամբ` դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Ռիտա Միրզայիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ իրավիճակն ու շրջանային զարգացումները:

Ֆաթհալի հաստատեց, որ իրանեան իշխանութիւնները նեցուկ կը կանգնին Լիբանանին եւ անոր գերիշխանութեան, անկախութեան ու ազգային միասնականութեան:

Ան մաղթեց, որ շրջանի բոլոր երկիրները միանան պայքարելու համար հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ` աւելցնելով, որ իրենք համոզուած են, թէ ահաբեկչական այդ շարժումներուն ետին կը կանգնի Իսրայէլ:

Իր կարգին, Մուքպել յայտնեց, որ Ֆաթհալիի այցելութեան առիթը նաեւ լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան տօնը շնորհաւորելն ու անոր բարեմաղթութիւններ կատարելն է` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու:

ԶՕՐ. Քահուաժի իր կարգին ընդունեց դեսպան Ֆաթհալին, ընկերակցութեամբ` դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Ռիտա Միրզայիի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակի Զրահապատ Մը Արսալի Մէջ Թիրախ Դարձած Է Պայթումի, Իսկ Բանակը Բերման Ենթարկած Է Կասկածելիներ

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Հռոմ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.