Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայլան. «Հայերը Վախի Մէջ Կ՛ապրին Թուրքիոյ Պետական Յեղաշրջման Փորձէն Ետք»

August 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Paylan1_80916

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի հետ «Թերթ»-ը հարցազրոյց մը կատարած է 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման փորձի տապալումէն ետք տիրող իրավիճակին մասին:

Փայլան ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւնները եւ ընդդիմադիր նկատուող մարդիկ վախի մէջ կ՛ապրին, քանի որ կը հալածուին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Ան յիշած է օրինակը Պոլսոյ քաղաքապետարանի Արուեստի եւ մասնագիտական կրթութեան կեդրոնին մէջ դասաւանդող հայազգի Արի Հերկելին, որ պաշտօնազրկուած էր վերջերս` Կիւլենի շարժումին հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ:

«Այս մթնոլորտին մէջ հայերը բնականաբար վախով կ՛ապրին», ըսած է Փայլան:

Ան նշած է, թէ իր կուսակցութեան ղեկավարութիւնը քանի մը անգամ փորձած է կապ հաստատել Էրտողանի եւ այլ կուսակցութիւններու հետ, բայց Էրտողան մերժած է քրտամէտ կուսակցութեան հետ հանդիպիլ: «Այս կը նշանակէ, թէ անոնք (իշխանութիւնները) դասեր չեն քաղած յեղաշրջումի փորձէն», աւելցուցած է ան:

«Իշխանութեանց այս մօտեցումը ապագային նկատմամբ յուսատու չէ, որովհետեւ թուրքերը լաւ յարաբերութիւններու մէջ չեն հայերու, քիւրտերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ: Այս կը նշանակէ, թէ ազգայնական եւ Էրտողանի բռնատիրական մօտեցումը տիրապետող պիտի ըլլայ պետութեան մէջ», ըսած է Փայլան:

Ան նաեւ յայտնած է, թէ դատարանը տակաւին չէ պատասխանած թուրք ազգայնամոլներուն դէմ իր բացած դատին կապակցութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումէն անմիջապէս ետք, ազգայնամոլները ցոյց կազմակերպած էին Պոլսոյ մօտ Գերմանիոյ հիւպատոսարանին դիմաց` պոռալով. «Լաւագոյն հայը մեռա՛ծ հայն է»:

Պատասխանելով ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը` Փայլան ըսած է, որ Թուրքիա Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կը բարելաւէ, որպէսզի Արեւմուտքին ցոյց տայ, թէ ունի այլընտրանքներ, յատկապէս այն միջոցին, երբ Էրտողան Արեւմուտքի մէջ անբաղձալի տարր մը դարձած է:

Միւս կողմէ, «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, թէ Փայլան պոլսահայ այլախոհ լրագրող Հայկօ Պաղտատի անձնագիրը առանց հիմնաւորումի գրաւելու փաստին առնչութեամբ գրաւոր դիմում ներկայացուցած է ներքին գործոց նախարարութեան:

Պաղտատի անձնագիրը գրաւուած էր անոր Պոլիս վերադարձին, Աթաթիւրքի անուան օդակայանին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Սառեցուցին Երկիրը

Յաջորդը

Լրագրողները Երկու Ամիս Կու Տան Իշխանութիւններուն` Բացայայտելու Բռնութիւն Գործադրողները

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.