
Մարզական աւանին մէջ երէկ աւարտած Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու առաջին ախոյեանութեան մրցումներուն, երէկ Լիբանանի աղջկանց խումբը յաջողեցաւ վազքի խմբային մրցումներուն տիրանալ ոսկի մետալին` գերազանցելով այլ երկիրներու հաւաքականները:
Նշենք, որ Լիբանանի կազմին մաս կը կազմէր այս ախոյեանութեան մրցումներուն միակ հայ մարզիկը` Լորի Թաշճեան, որ Ճեմարանի աշակերտ է եւ մաս կը կազմէ Շանվիլ ակումբին:
Լորի Թաշճեան, որ նախանցեալ օր` մրցաշարքին առաջին օրը, աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն հանդիսացած էր առաջին եւ տիրացած ոսկի մետալին, շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, 200 մեթր վազքի մրցումներուն գրաւեց երրորդ դիրքը` արձանագրելով 27″ 50 արդիւնք մը: Առաջին դիրքը գրաւեց Նուր Հիւսէյն Մալիքի (Քաթար, 27″ 35), իսկ երկրորդ դիրքը` Հաժար Սաատ (Պահրէյն, 27″ 41):
Բնականաբար, Լորի Թաշճեանի արձանագրած արդիւնքները կը նկատուին մեծապէս քաջալերելի եւ հպարտալի, մանաւանդ որ ան միակ հայ մարզիկն էր այս մրցաշարքին:
Փափաքելի է, որ այլ հայ մարզիկներ ալ բարի օրինակ առնեն Լորի Թաշճեանէն եւ իրենց ակումբներուն կամ վարժարաններուն հետ փայլուն արդիւնքներ արձանագրելով իրենք զիրենք փաստեն տեղական մակարդակի վրայ:
Հոս տեղին է նշել, որ Լորի Թաշճեանի արձանագրած այս փայլուն արդիւնքներուն մէջ իրենց կարեւոր դերը ունին նաեւ անոր ծնողները, որոնք շատ մօտէն կը հետեւին անոր կատարած փորձերուն եւ կը դառնան անոր երկրորդ մարզիչը:


