Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Մէջ Կ՛առաջարկեն Ստորագրահաւաք Կատարել` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Քնեսեթի Օրակարգին Վրայ Ներառելու Համար

August 4, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Knesset_80316

Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով 1 օգոստոսին Քնեսեթի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, յայտնած է, որ Քնեսեթի որոշ երեսփոխաններ առաջարկած են ստորագրահաւաք կազմակերպել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը խորհրդարանի աշնանային նստաշրջանի օրակարգին վրայ ներառելու համար:

«Կրթութեան եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբի նախագահի խօսքերը, որ յանձնախումբը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կշիռ հաղորդեցին հոլովոյթին եւ, կարծես, մարտահրաւէր եղաւ լիագումար նիստին: Ընդգծուեցաւ, որ կարելի չէ այսպէս շարունակել, ու հարցը անընդհատ ձգձգել: Քնեսեթի երեսփոխաններուն համար դժուար իրավիճակ ստեղծուած է: Անոնք կը քննարկէին Քնեսեթի կանոնակարգը, կը փորձէին հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հարցը յառաջ տանիլ: Յանձնախումբի քննարկման ներկաները հիմնականին մէջ դրական տրամադրուած էին եւ կը փափաքէին գործը յառաջ մղել: Առաջարկ եղաւ հարցը լիագումար նիստի օրակարգ մտցնելու համար կազմակերպել ստորագրահաւաք», ըսած է Յակոբ Սեւան:

Ըստ անոր, յանձնախումբի քննարկման ներկայ էր արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, եւ յստակ դարձաւ, որ այդ կառոյցի տեսակէտին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ:

«Ինչպէս 7 յուլիսին արտասանուած խօսքերէն երեւաց, կարծես, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հակուած չեն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հակառակ ատոր, երեսփոխաններու շրջանակին մէջ ընդհանուր առմամբ հայկական հարցին վերաբերեալ դրական տրամադրուածութիւն կայ: Եւ եթէ արտօնութիւն տրուի, որ անոնք ազատ քուէարկեն, ապա յաջողութիւն պիտի արձանագրուի», ըսած է Սեւան:

Ան յայտնած է, որ 10 օրէն խորհրդարանը արձակուրդի կը մեկնի եւ աշխատանքի կը վերսկսի երկու ամիս ետք:

 

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Պիտի Քննեն Նաեւ Արցախի Հարցը

Յաջորդը

Ոստիկանութեան Էրեբունի Բաժինի Պետը Պաշտօնէն Արձակուած Է

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.