Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ՁԵՐ ԼՈՅՍՆ ԱԼ ԱՅՆՊԷՍ ԹՈՂ ՓԱՅԼԻ ՄԱՐԴԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ, ՈՐ…»

September 26, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, ես չեմ հաւատար դիպուածի կամ պատահմունքի, քանի որ կը հաւատամ Անո՛ր, որ Տէրն է ժամանակին եւ Արարիչը` կեանքին…

Բայց գուցէ կարելի է ընդունիլ «զուգադիպութիւն»-ը, որ կրնայ տեղի ունենալ անկախ քեզմէ եւ ինձմէ` մեզմէ, որ սահմանափակ ենք թէ՛ մտքով ու թէ՛ սրտով:

Այսպիսի զուգադիպութեան մը առջեւ կը գտնուինք, երբ մեր օրաթերթը մէկ կողմէն կը ծանուցանէ 10-11 սեպտեմբեր 2011-ին Վիեննայի մէջ կազմակերպուելիք «Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի մէջ հաստատման 200-ամեայ յոբելեան (1811-2011)»-ը, եւ, միւս կողմէն, իր «50 տարի առաջ, 5 սեպտեմբեր 1961-2011» խորագրեալ սիւնակով կը յիշեցնէ ասկէ յիսուն տարիներ առաջ շարադրուած «Խմբագրական»-ը` զայն վերահրատարակելով այս վերտառութեամբ.«Վիեննական Մխիթարեաններու յոբելեանները» (տես «Ազդակ», Բշ., 5 սեպտեմբեր 2011, էջ 8գ):

Վիեննա, 3-10 սեպտեմբեր 1961 տեղի ունեցած չորս յոբելեաններուն ներկայ եղայ տասնմէկ տարեկան արաբախօս պատանիս, որ իբրեւ ժառանգաւոր այդ թուականէն եօթը ամիսներ առաջ հասած էի Մխիթարեաններուն դպրեվանքը:

Ատենին թէպէտ բան մը չհասկցայ, քանի ո՛չ հայերէն եւ ո՛չ գերմաներէն գիտէի, բայց եւ այնպէս դեռ յիշողութեանս մէջ կը յածի շեշտուած փառաւորութիւնը հանդէսներուն եւ արարողութիւններուն, ներկայութիւնը` ակնածանք պարտադրող աշխարհական ու հոգեւորական անձնաւորութիւններուն:

Բայց յատկապէս տակաւին կը յիշեմ այն օրերուն պատանիիս վրայ խորհրդաւորութիւն, այո՛, երկիւղ ներազդող դէմքերը աբբահայր Մեսրոպ արք. Համոզեան (1887-1974),  հայր Ներսէս Ակինեան (1883-1963), հայր Արսէն Ջնտոյեան (1884-1974),  հայր Մովսէս Սրապեան (1886-1965),  հայր Իգնատիոս Ագեան (1888-1978), հայր Համազասպ Ոսկեան (1895-1968),  հայր Ղեւոնդ Մովսէսեան (1896-1983), հայր Վահան Ինգլիզեան (1897-1968), հայր Եփրեմ Պօղոսեան (1897-1972) եւ  հայր Պետրոս Տէր Պօղոսեան (1898-1980) վիեննական գիտնականներուն, որոնց հայկաբանութեան ու հայակերտումին բերած մեծ նպաստին մասին բանախօսեցի, յիսուն տարի ետք, սեպտեմբեր 10-ին: Անոնցմէ քանիներ դարձած էին իմ ուսուցիչներս, օրինակներս եւ առաջնորդներս:

Համաձայն եմ, որ` «այս հանդիսաւոր օրերը առիթ նկատենք` թարգմանն հանդիսանալու այն երախտագիտութեան, որ հայ ժողովուրդը, առանց խտրութեան, ունի հանդէպ Մխիթարեան միաբանութեան, անոր երկու թեւերուն հանդէպ հաւասարապէս` իբրեւ զուտ հայադրոշմ հաստատութիւններու, որոնց գործը ոչ միայն հայ ժողովուրդին ի նպաստ անգնահատելի ծառայութեան մը արժէքով կը ներկայանայ մեզի, այլ նաեւ պատիւ կը բերէ հայութեան, միջազգային չափանիշով» («Ազդակ»):

Լիովին ճիշդ է, որ` «յոբելեանները առիթներ են, որպէս զի պահ մը ետ նայինք` չափելու համար այն ճամբան, որ կտրած է յոբելեար անձը կամ հաստատութիւնը: Այս պարագային, մենք մեզ կը գտնենք կոթողական գործի մը առջեւ, որ միջազգային արժէքով մեծ դէմքերու պատկերով կը ներկայանայ մեզի:

Անցեալին մէջ` Գաթըրճեան, Այտընեան, Գալեմքերեան, Տաշեան, իսկ այժմ նոյնքան արժէքաւոր դէմքեր` Ակինեան, Կոգեան, Ինգլիզեան եւ Ոսկեան, իրենց գիտական մտքին անսպառ պաշարով եւ հայութեան հոգեկան արժէքներուն ջերմօրէն հաւատացողի ու ըստ այնմ գործողի բծախնդրութեամբ:

Բոլոր այս դէմքերը, որոնց հեղինակութիւնները ճոխացուցին հայ դպրութեան գանձարանը, հասարակաց մէկ գիծով կը ներկայանան մեզի` հակառակ իրենց հմտութեան այլազանութեան: Հայրենասիրութեան շեշտուած գիծ մը, որ զուտ բանասիրական նիւթերու մէջ իսկ զգալի կը դառնայ, ո՛ւր մնաց հայագիտական այլ ճիւղերու պարագային, ուր մաքուր հայրենասիրութեան մը դրոշմը կայ» («Ազդակ»):

Սեպտեմբեր 10-ի ակադեմական ձեռնարկին աւարտին, շրջափակին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին, հինգ բանախօսներուն հայթայթած տուեալներու նորութենէն, քանակէն, որակէն ու տարողութենէն  «շանթահարուած`» ներկաները, ընդհանրապէս, եւ անձնաւորութիւնները, յատկապէս, լորձնաշուրթն արտայայտեցին իրենց մեծ անակնկալն ու հիացումը` նկատմամբ վիեննականներու խոր հոգեկանութեան եւ բարձրագոյն գիտականութեան:

Մարդ ես, կ՛ուրախանաս գովասանքին դիմաց: Բայց աւելի ներքուստ կը բերկրիս, երբ հոգեմտաւորիդ մէջ կ՛արձագանգէ Աստուածային Վարդապետին այս իմաստուն խօսքը, որ կը խրախուսէ քեզ ու զիս` աւելի եւ աւելի պտղաբերելու մեր առօրեային մէջ.«Դուք էք լոյսը աշխարհին: Ձեր լոյսն ալ այնպէս թող փայլի մարդերուն առջեւ, որպէսզի տեսնելով ձեր բարի գործերը` փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքն է» (Մտթ. 5,16):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սթոքհոլմ, 19 սեպտեմբեր  2011

Նախորդը

ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆԻ ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐԸ. ՍԱՌԸ ՑՆՑՈՒՂ ԿԱՄ ԻՐԵՐՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՎ ԿՈՉԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Յաջորդը

ԹՈՒՎԱԼՈՒ ՃԱՆՉՑԱՒ ԱԲԽԱԶԻՈՅ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։