
Քնեսեթի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբի նախագահ Եաքոպ Մարկի յայտարարեց. «Յանձնախումբը կը ճանչնայ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Մարկի յանձնախումբի ժողովին ընթացքին նշեց. «Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալը մեր բարոյական պարտաւորութիւնն է»:
Ան ցաւ յայտնեց, որ Իսրայէլ «չի ճանչնար այս հաւաքական սպանդը»:


