
Իրանի Ազգային ժողովի քաղաքացիական անվտանգութեան եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին ուղղուեցաւ Այն Թինէ` հանդիպում մը ունենալու համար խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Պորուժերտի բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ կատարուող ազգային շինիչ երկխօսութիւնը` ընդգծելով, որ Իրան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան:
Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան հարց կը նկատուի, եւ այդ հարցին լուծումը կարելի է միայն միջլիբանանեան համախոհութեամբ:
Ան յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կատարուի:
«Լիբանանը տարածութեամբ փոքր է, սակայն շրջանին մէջ անոր դերակատարութիւնը մեծ է», ըսաւ ան:
Պորուժերտի անդրադարձաւ նաեւ շրջանը հարուածող հաւատադրժողական ահաբեկչութեան` շեշտելով, որ Իրան լրջօրէն կը պայքարի անոր դէմ:

Վարչապետարանին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Պորուժերտին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Իրան կը զօրակցի լիբանանեան միասնականութեան եւ ազգային երկխօսութեան` հաստատելով, որ Թեհրան պատրաստ է ամէն գնով ամրապնդելու այդ յարաբերութիւնները:
Պորուժերտի նշեց, որ Իրանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք իրենք որոշած են այցելել Լիբանան` իբրեւ Դիմադրութեան զօրակցող առաջին երկիր, աւելցնելով, որ յաջորդ այցելութիւնը պիտի ըլլայ Սուրիա:
Պորուժերտի աւելցուց, որ իրենք վարչապետ Սալամի հետ հանդիպումին ընթացքին ցաւ յայտնած են Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու հաստատումին առումով` շեշտելով, որ կարելի չէ թշնամի նկատուող սիոնական գոյացութեան հետ յարաբերիլ, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ Պաղեստինեան հարցի լուծման առումով նահանջ արձանագրել:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր կարգին ընդունեց իրանցի պետական պաշտօնատարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական եւ ապահովական վերջին իրադարձութիւնները:
Պորուժերտի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնի հետ:


