Սկովտիացի գիտաշխատող Սթիվըն Սիմ զեկուցած էր իր տհաճ տպաւորութիւնները Ազրպէյճանի կողմէ ներկայիս գրաւուած պատմականօրէն հայկական տարածք հանդիսացող Նախիջեւան իր կատարած այցին մասին: Քանի որ Սիմի 2006 թուականի բացայայտող զեկոյցը պատշաճ կերպով չէր լուսաբանուած միջազգային մամուլով, կը փափաքիմ այս յօդուածով ներկայացնել անոր որոշ կարեւոր հայեցակէտերը:
Սիմը յայտնած է, որ ինք Նախիջեւան մտած է ինքնաշարժով, թրքական սահմանէն, եւ ուղղուած է դէպի Երնճաք հովիտի Ապրաքունիս գիւղը: Երբ այնտեղ հարց տուած է 12-ամեայ տղու մը, թէ ո՞ւր կը գտնուի գիւղի եկեղեցին, ան ցոյց տուած է դատարկ տարածք մը:
Ապա Սիմ այցելած է Պանանիյար գիւղը, որ հայերուն ծանօթ է իբրեւ Ափարանք, ուր, անոր խօսքով, «առնուազն մինչեւ 1970-ական թուականները գիւղին կեդրոնը բարձրադիր վայրի մը մէջ գտնուող միջնադարեան մեծ եկեղեցիին փլատակը կար: Այժմ նախկին եկեղեցիի հողին վրայ մզկիթ կառուցուած է»: Նորաշէնի մէջ, այս գիւղի հիւսիսարեւմտեան ծայրամասը, երկու հայկական եկեղեցիներ եւ գերեզմանատուն մը կային: Ան ոչ մէկ եկեղեցիի կամ գերեզմանատան հետքը գտաւ այնտեղ:
Նախիջեւանի մէջ, երրորդ օրը, երբ շոգեկառքով կը ճամբորդէր Ջուլֆա, Սիմ նկատեց Ջուղայի գերեզմանատան փլատակները: Ան զեկուցեց, որ տեսած է «երեք լեռնաշղթաներու վրայ սփռուած եւ քարէ սալիկներով ծածկուած բլրալանջ մը: Բոլոր գերեզմանաքարերը, առանց բացառութեան, շրջուած էին»:
Օրտուպատի մէջ Սիմ բերուեցաւ ոստիկանատուն, ուր ան հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ իր այցելութեան նպատակին առնչութեամբ եւ իր պայուսակը խուզարկուեցաւ: Ապա ան յաջորդ հանրակառքով ետ ուղարկուեցաւ Նախիջեւան քաղաք: Այնտեղէն ան ուղղուեցաւ դէպի Շուռութ, որ` «միջին դարերու վերջաւորութեան փոքրիկ հայկական քաղաք մըն էր` իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, վանքերով, մատենադարանով եւ քանի մը տասնեակ հազար բնակիչներով»:
Քըռնա գիւղի հարեւանութեամբ տեղի հայկական եկեղեցիին հետքերն իսկ չկային: Նոյն վիճակը կը պարզէր նաեւ Կահ գիւղը: Երբ Սիմ անցորդի մը հարցուցած է Շուռութ գիւղի եկեղեցիին մասին, անցորդը պատասխանած է, թէ եկեղեցին քանդուած է: Շուռութ գիւղին մէջ Սիմ դէմ յանդիման եկած է խումբ մը գիւղացիներու հետ: Երբ ան յայտնած է, որ եկած է տեսնելու հին եկեղեցին, անոնք պատասխանած են, թէ գիւղին մէջ երբե՛ք եկեղեցի չէ եղած: Հազիւ հեռացած Շուռութէն` «թաքսի»ի վարորդը ըսած է Սիմին, թէ գիւղացիները հեռաձայնած են Ջուլֆայի ոստիկանութիւն, եւ թէ` իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները հաւանաբար զինք կը սպասեն ճանապարհին:
Ոստիկանական ինքնաշարժ մը իրօք կը սպասէր Սիմը: «Ոստիկանը նստաւ «թաքսի»ի ետեւի նստարանը եւ հարցուց, թէ արդեօք տեղագրական քարտէս եւ ազգագրական գիրք կա՞յ հետս»: Երբ Սիմ պատասխանած է` ո՛չ, չկայ, ոստիկանը արագօրէն խուզարկած է անոր պայուսակը: Ջուլֆայի մէջ Սիմ դարձեալ կանչուած է ոստիկանատուն, ուր անոր պայուսակը անգամ մը եւս խուզարկուած է: Միջանցքին մէջ որոշ ժամանակ սպասելէ ետք, Սիմը տարած են քաղաքի «Արազ» պանդոկը: Անոր ուղեկցած են դէպի շէնքի ետին գտնուող պարտէզը: Սիմը երեք ժամ հոն պահելէ ետք, ի վերջոյ զայն ազատ արձակած են: Սիմի պայուսակէն «հանած էին բոլոր իրերը եւ մանրամասն զննած` պարզելու համար, թէ արդեօք պայուսակը գաղտնի գրպաններ ունի՞: Ասիկա տեւեց շուրջ 15 վայրկեան` առանց որեւէ բառ փոխանակելու»:
Սիմին հարցուցած են անոր աշխատանքին մասին. որքա՞ն կը վաստակի, ո՞վ կը հովանաւորէ իր այցը Նախիջեւան եւ ինչո՞ւ ան իր սեփական միջոցները ծախսած է այստեղ գալու համար: Ոստիկանները մանրամասնօրէն ստուգած են Սիմին գրառումները, ինչպէս նաեւ` անոր թուային քամերային բոլոր լուսանկարները: Անոնց ուշադրութիւնը յատկապէս գրաւած է Նախիջեւան քաղաքին մէջ առնուած լուսանկարը: «Ատիկա քարէ սալիկ մըն էր, զոր ես տեսած էի Մոմինա Հաթուն դամբարանի դիմացի պարտէզին մէջ` շրջապատուած խոյաձեւ գերեզմանաքարերով: Այս քարին վրայ փորագրուած էր խաչ մը, որ վեր կը խոյանար ուղղանկիւն հիմքէ մը»:
Ազրպէյճանցի պաշտօնեաները ըսած են անոր, թէ ատիկա խաչ չէ: Սիմ իր կարգին պատասխանած է, որ ինք հայկական գիրքի մը մէջ կարդացեր է այդ եկեղեցիին մասին: Անոնք ջղագրգիռ պատասխանած են. «Ատիկա ճիշդ չէ: Այնտեղ սուտ գրուած է: Տեսէ՛ք` հայերը միշտ կը ստեն, կը խաբեն բոլորը»: Անոնք նաեւ նշած են, թէ` «Նախիջեւանի մէջ որեւէ հայկական եկեղեցի գոյութիւն չէ ունեցած, երբե՛ք: Այստեղ երբե՛ք ոեւէ հայ չէ ապրած, հետեւաբար ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ եկեղեցիներ գոյութիւն ունեցած են այստեղ»: Ազրպէյճանցիները ըսած են Սիմին. «Կը կարծենք, որ դուք Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն չէք եկած բարի նպատակներով»:
Սիմը նշած է, որ Նախիջեւանի իր տհաճ տպաւորութիւնները «որոշ առումով լոյս սփռեցին այն կեցուածքին վրայ, զոր ազրպէյճանցիները ունին հայերու եւ հայկական ամէն ինչի նկատմամբ»: Զեկոյցին մէջ յստակ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ Արցախի հայերուն համար անհնար է ազրպէյճանցիներու կեղեքիչ լուծին տակ կրկին ապրիլը: Եթէ սկովտիացի այցելուին հետ այսպիսի վատ ձեւով վարուած են, ապա պատկերացուցէք, թէ ազրպէյճանցիները որքա՛ն աւելի վատ ձեւով վարուած են իրենց հայ քաղաքացիներուն հետ` մինչեւ Արցախի ազատագրումը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

