
Իրանի Ազգային ժողովի քաղաքացիական անվտանգութեան եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Պորուժերտին դիմաւորեցին Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Մըքտատ եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի:
Պորուժերտի երէկ այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիական եւ իրաքեան տագնապներուն վերաբերող հարցեր, որոնց շարքին յատկապէս Լիբանան հասած գաղթականներու թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Պորուժերտի նշեց, որ Պասիլի հետ գլխաւորաբար քննարկած է գաղթականներուն հարցը` նկատի ունենալով շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր աւելի քան երեք միլիոն գաղթական հիւրընկալելու Իրանի փորձառութիւնը:
«Այս իմաստով մենք կարծիքներու փոխանակում կատարեցինք, գաղթականներուն վերաբերեալ զուտ մարդասիրական առումով», ըսաւ ան:
Պորուժերտի շնորհաւորեց լիբանանեան բանակին տօնը` աւելցնելով նաեւ, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակը Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական եւ ապահովական չափանիշները փոփոխութեան ենթարկած է, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի սպառնալիքները կասեցուցած:
Միւս կողմէ, Պորուժերտի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը լիբանանեան ներքին հարց մըն է, որուն Թեհրան միջամուխ չի դառնար:
Իրանցի պատասխանատուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:
Հանդիպումէն ետք ան յայտնեց, որ ինք հպարտ կը զգայ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք առաջին երկիրը, որ կ՛այցելէ, Լիբանանն է` շրջանին մէջ Դիմադրութեան ամրոցը:
Պորուժերտի շեշտեց, որ շրջանին մէջ տիրող հնգամեայ տագնապին ընթացքին ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակը շնորհիւ Դիմադրութեան է եւ այդ մէկը կը փաստէ, թէ Դիմադրութեան ընտրանքը ճի՛շդ էր:
Ան շեշտեց նաեւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ղեկավարութեամբ Դիմադրութեան իրագործած նուաճումները ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն շնորհած են ոչ միայն Լիբանանին, այլեւ շրջանին:
Պորուժերտի բարձր գնահատեց նաեւ խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութեամբ կատարուելիք ազգային երկխօսութիւնը, որուն յաջողութիւն մաղթեց` շեշտելով, որ Իրան կը քաջալերէ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող եւ հարցերուն քաղաքական լուծում ապահովող երկխօսութեան ամէն նախաձեռնութիւն:
Իր կարգին, Ռաատ ողջունեց Պորուժերտիի այցելութիւնը` հաստատելով, որ Իրան յանձնառու կը մնայ լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան:
Նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին Պորուժերտի այցելեց Հըզպալլայի զինուորական թեւի նախկին պատասխանատու, նահատակ Իմատ Մուղնիէի դամբարանը, ուր զետեղեց ծաղկեպսակ մը:
Պորուժերտի գնահատեց Լիբանանի համար Դիմադրութեան զոհողութիւնները` հաստատելով, որ Իրան օր մը օրանց Լիբանանի անլոյծ հարցերու քաղաքական հանգուցալուծումը չէ արգելակած:


